Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան եւ Արկադի Ղուկասեան Երաշխաւորագիր Ներկայացուցած են Դատարան Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու նստավայրին մէջ ընթացող ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստին ընթացքին՝ Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեան ներկայացուցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ ԱՀ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը՝ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան ըսած է, որ երաշխաւորութեան քննման համար պէտք է ապահովել անոնց ներկայութիւնը:

Պաշտպանական կողմը նշած է՝ նիստը թող շարունակուի, անոնք կապ պիտի հաստատեն նախագահներու հետ եւ պիտի փորձեն համաձայնեցնել ներկայանալու հարցը։

Նշենք, որ դատարանին մէջ այսօր նոյնպէս ներկայ եղած է Ռոպերթ Քոչարեանը, իսկ ապակիէն այն կողմ նաեւ անոր կրտսեր որդին, աջակիցներն ու դէմ արտայայտուող այլ քաղաքացիներ։

Մայիս 13-ին մեկնարկած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովի, 2008-ին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեանի գործով դատաքննութեան փուլը. առաջին դռնբաց դատական նիստին պէտք է քննուէր Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանքը ընտրելու հիմնաւոր ըլլալ-չըլլալու հարցը: Նոյնը օրը, անոր պաշտպանները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին՝ ինքնաբացարկի վերաբերեալ: Մայիս 14-ին դատարանը մերժած էր պաշտպաններու այդ միջնորդութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին