«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնիներու նախկին պատրիարք Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի վախճանման առիթով, Երկուշաբթի, Պքերքէի Մարոնի եկեղեցւոյ նստավայրին մէջ, ցաւակցութիւններ ընդունուած են Լիբանանի պետական պաշտօնեաներու կողմէն։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը՝ Իպրահիմ Էմին ալ-Սայյէտի գլխաւորութեամբ՝ ցաւակցութիւն յայտնած է Մարոնի Պատրիարք Պշարա Ռային։ «Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզի եւ լիբանանցի ժողովուրդին։ Սֆէյր Պատրիարքը կրօնական մեծ անձնաւորութիւն էր»,- ըսած է ալ-Սայյէտ։
Ցաւակցութիւն յայտնելով՝ նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյման նշած է, թէ Պատրիարք Սֆէյր Լիբանանը մղած է «արժանապատւութեան, շնորհի, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան»:
Նախագահ Միշէլ Աուն եւ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ընդունած են Պատրիարք Ռայի պատուիրակութեան ցաւակցութիւնները։
Նոյն օրը, Պըրրի՝ սգալով Սֆէյրի վախճանումը՝ ըսած էր. «Ապրիլ Լիբանանի համար եւ մահանալ որպէսզի կարենայ ապրիլ Լիբանանը։ Լիբանանը կորսնցուց իր օրհնութիւններէն, շնորհներէն եւ փայլուն աչքերէն մէկը»:
Լիբանանի նախագահին եւ Սֆէյրի ընտանիքին ցաւակցական հեռագրեր յղած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը եւ Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին եւ անոր տեղակալը՝ Շէյխ Ապտուլլահ Պըն Համատ Ալ Թանին։ Իր հերթին, Քաթարի վարչապետ Շէյխ Ապտուլլահ Նասեր Պըն Խալիֆա Ալ Թանի ցաւակցական հեռագիր յղած է վարչապետ Սաատ Հարիրիին։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Ռայի Պատրիարքին:
Էլիզէի պալատի յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ֆրանսայի անկեղծ բարեկամ, ֆրանսախօս եւ ֆրանսասէր», որ մեծ ջանքեր գործադրեց Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններ պահպանելու համար:
Նշենք, որ Սֆէյր Պատրիարքը վախճանած էր Կիրակի առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: