«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ տարածքին բռնկուած հրդեհային իրադրութիւնը վատթարացած է, անցած շաբաթ հրդեհներու ճարակ դարձած էր երկրի 46 շրջան: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Ճգնաժամային իրավիճակներու կառավարման ազգային կեդրոնի զեկոյցի համաձայն, ՌԴ-ի 53 վայրերու մէջ անտառային հրդեհներու իրադրութեան վատաթարացում կանխատեսուած է: Անոնցմէ 46-ի մէջ անցած շաբաթ բնական հրդեհներու աւելի քան 1,1 հազար օճախ յառաջացած է աւելի քան 150 հազար հեկտար ընդհանուր տարածքի մէջ»,-ըսուած Է հաղորդագրութեան մէջ:
Առաւել բարդ իրավիճակ ստեղծուած է Բուրիաթիոյ, Անդրպայքալեան երկրամասի մէջ, Ամուրի, Իրկուտսկի, Կուրգանի եւ Չելիապինսք մարզերու մէջ: