Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն». Շնորհանդէս Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ (լուսանկարներ)

Հինգշաբթի 9 Մայիս 2019 երեկոյեան ժամը 7:30ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնը ժամադրավայրն էր Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի անձն ու գործը գնահատող հաւատարիմ գործակիցներու, ընկերուհի-ընկերներու եւ բարեկամներու, որոնք եկած էին իրենց կարօտը առնելու, հին օրերը յիշելու եւ Մեթրին աւանդով դարձեալ լիցքաւորուած շարունակելու այն ինչ, որ Մեթրը հիմնած ու գուրգուրացած էր:

Արդարեւ Թէքէեան Կեդրոնի Ա. յարկի Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին անունը կրող սրահին մէջ օրուայ խորհուրդը իր ներկայութեամբ կը  պատուէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Ս. Յովակիմ Վրդ. Փանջարճեան: Մեթր Սեդրակեանի գործն ու վաստակը կը յարգէր Լիբանանի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեանի ներկայացուցիչ՝ Արժանաշնորհ Տ. Վարդան Քհն. Մարտիրոսեան: Ներկայ էր Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան: Թէքէեան Մշակութային Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ Վարչութեան անդամներ: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Վիգէն Չէրչեան եւ անոր գործակից անդամներ, պաշտօնական հիւրեր, երիտասարդ կուսակցականներու եւ բարեկամներու հսկայ խումբ մը եւ հանգուցեալ Մեթրին յիշատակը յարգող ըներուհիներ եւ ընկերներ, բարեկամուհիներ եւ բարեկամներ:

 

Իր հաճելի ներկայութեամբ օրուայ գլխաւոր հիւրն էր անշուշտ Մեթրին ազնիւ կողակիցը՝ Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանը:

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի հոգեհատոր եւ սրտամօտիկ դպրոցին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին աշակերտական երգչախումբին կատարումով մատուցուած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութեամբ եւ «Զարթօնք»ի կազմակերպութեամբ կատարուող շնորհանդէսը ընթացք առաւ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս իր «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» գիրքի շնորհանդէսի մը ընդմէջէն պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ իր ազգին ու հայրենիքին լաւագոյնս ծառայած մեծ հայու մը եւ մեր կազմակերպութեան մեծ երախտաւորի մը յանձինս Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին շնորհակալութիւն յայտնելու եւ գոհանալու այն զգացումով, զոր ան այսօր արդէն իր ոգեղինական կեանքին մէջ հրճուանք մը կ’ապրի հոս հաւաքուած տեսնելով իր սիրելիները եւ իր երկրային կեանքի ընթացքին ցանած սերմերուն արդիւնքները»:

Ան աւելցուց ըսելով, որ «Առհասարակ, հոս պէտք է նշել, որ երախտագիտութիւն արտայայտող բառերը, օրինակ՝ «շուքրան», «thank you», «շնորհակալութիւն» եւ այլ լեզուներով տուեալ բառերու արմատները աւելի խոր են, քան պարզապէս շնորհակալութիւնը, ուստի անոնք խոր եւ մեծ նշանակութիւն ունին տարբեր ազգերու մշակոյթներուն մէջ:

Եկէք խոստովանինք, ըսաւ Յակոբեան, «որ Շնորհակալութիւն յայտնելը այդքան էլ պարզ գործողութիւն չէ։ Մենք տարբեր ձեւերով շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր ծնողներուն, տնօրէններուն, երեխաներուն, ուսուցիչներուն կամ պարզապէս ճամբու անցորդին, որ իր ճամբան զիջելով ճանապարհ կու տայ մեզի։ Թէ յոյզերու ինչ առատութեամբ կամ զսպուածութեամբ կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը կամ ինչ բառեր կ’ընտրենք զայն արտայատելու համար կարեւոր խնդիր է եւ անիկա ցոյց կու տայ մեր կարողութիւնը կամ անատակութիւնը մարդը ճիշդ եւ արդարօրէն գնահատելու:

«Իսկ, թէ որքան բան պարտական ենք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի նման գլխագիր մարդու մը մեծութեան քիչ վերջ խօսք առնողներու հրամցուցած նիւթերուն մէջ առաւել մանրամասն կ’անդրադառնանք» ըսաւ ան «սակայն փոքր պատուհան մը բանալու համար մեր միտքի հորիզոններուն պիտի ուզեմ ամէնակարճ կենսագրականի մը միջոցաւ յուշել, որ որքան պարտական ենք Մեթրին:

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան (ծնած է Եոզկաթ, 1916ին – մահացած է Պէյրութ, 1997ին) եղած է յետ-եղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ հեղինակաւոր ազգային-հասարակական գործիչ: Հիմա պիտի սկսիմ ընդգծել.

  • Ան Հիմնադիրներէն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան (1947),
  • Հիմնադիրներէն է ու երկար տարիներու արտօնատէրն էր Վահան Թէքէեան Վարժարանին (1951)
  • Ան երկարամեայ ղեկավարն էր՝

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

– եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան:

 

Եթէ պահ մը պատկերացնենք վերոնշեալ հաստատութիւններէն ոմանց հիմնումը ու բոլորին ապրած ոսկեդարը Մեթրի ղեկավարման օրերուն մենք կը հասկնանք, որ որքան եւ ինչ տարողութեամբ շնորհակալ եւ պարտական ենք իրեն:

Իսկ եթէ ամէն բան պահ մը մէկ կողմ դնենք եւ նկատի ունենանք, որ 1946-1948ին, Մեթր  Հրաչեայ Սեդրակեան նաեւ գլխաւորած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէն, ապա դժուար կ’ըլլայ շնորհակալութեան բառեր գտնել եւ անոնցմով արտայայտուիլ անձի մը մասին, որուն նաեւ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը պարտինք ներկայ Հայաստանի գոյութիւնը եթէ նկատի ունենանք, որ առանց ներգաղթին հաւանականութիւնը մեծ էր կորսնցնելու Խորհրդային Հայաստանը, որպէս անկախ տարածքով լիիրաւ երկիր ու ան այսօր կրնար կցուած ըլլալ այսօրուայ Ռուսիոյ եւ մենք պիտի ունենայինք Ղարաբաղի ճակատագրով այլ աշխարհագրական շրջան մը՝ այս անգամ Հայաստանը, որուն շուրջ պիտի հիւսուած ըլլային ահագին անլուծելի խնդիրներ»:

«Այսօրուայ մեր հաւաքը կը զուգադիպի նաեւ Հայրենիքի Յաղթանակի օրուան: Բ Աշխարհամարտի, Արցախի Բանակի Կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման» յիշեցուց ընկեր Յակոբեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ մեծ յաղթանակները կերտած հայ հերոսներուն, ձեռնարկին ներկայ եղողներուն, զեկուցաբերներուն,Վահան Թէքէեան Վարժարանի տնօրէնութեան եւ սիրասուն փոքրիկներուն իրենց մասնակցութեան եւ Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանին այս առիթին համար:

Յակոբեան իր խօսքը աւարտեց Շնորհակալութիւն յայտնելով մեր հերոսին՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին իր կատարած մեծ գործերուն համար:

Ընկ. Յակոբեանի խօսքէն ետք օրուայ հանդիսավար Սարին Արապաղեան բեմ հրաւիրեց Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, որ Լիբանանի Պետութեան եւ իր նախարարութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանին՝  յարգելով յիշատակն ու գործը մեծ հայուն եւ լիբանանցիին ՝ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին: Տիկ. Մարլէն Սեդրակեան անակնկալէն եւ տրուած յատուկ անդրադարձէն յուզուած զգացական եւ խորիմաստ բառերով դիմեց Պրն. Նախարարին իր հպարտութիւնն ու հրճուանքը յայտնելով, որ ան այս խորիմաստ յուշանուէրը կը ստանայ Լիբանանահայ եւ երիտասարդ նախարարի մը ձեռամբ, որ ներկայացուցիչն է այն սերունդին, որուն վրայ կը գուրգուրար Մեթր Սեդրակեան:

Կարգը գիրքը պատրաստող ու խմբագրող երիտասարդ գիտաշխատողինն էր ներկաներուն ներկայացնելու հատորին ծննդոցը: Արդարեւ բեմ բարձրացաւ հատորը բծախնդրութեամբ պատրաստած Պետրոս Թորոսեան, որ իրեն յատուկ ոճով գիրքը ներկայացուց ներկաներուն: Խօսքը կու տանք առանցին՝ էջ 3):

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ըստ Տիկ. Սեդրակեանին «Մեթրը մեծապէս յարգող ու իր կենդանութեան թէ յետ մահուն անոր յիշատակին հաւատարիմ անձը»խօսեցաւ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան «Առաջնորդն ու Միջավայրը» նիւթին մասին խօրապէս վերլուծելով Մեթրի կեանքն ու գործը՝ Մեթրի գրած յօդուածներուն ընդմէջէն: Խօքը կու տանք առանցին՝  էջ 5-6:

Տիկ Սեդրակեանի յուզախառն ելոյթը տպաւորիչ էր մանաւանդ Մեթրի կողակիցը ըլլալու հանգամանքով իր անձնական յուշերուն ու խոհերուն մասը: Իր խօսքին աւարտին Տիկ. Սեդրակեան հատորը պատրաստող երիտասարդ գիտաշխատող Պետրոս Թորոսեանին ազնուութեամբ եւ խորիմաստ ակնարակով մը նուիրեց Մեթրի անձնական գրիչը: Տիկ. Սեդրակեանի խօսքը կու տանք առանցին՝ էջ 7:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, որ վեր առնելով երախտագիտութեան արժէքը, ունեցաւ իրեն յատուկ եւ համարձակ ելոյթ մը: Խօսքը կու տանք առանցին՝ էջ 8:

Աւարտին եւ գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք ներկաներուն մակագրուեցաւ ու նուիրուեցաւ հատորը՝ մինչ ներկաները կոկիկ հիւրասիրութեան մը սեղաններուն շուրջ երկար մնացին սրահին մէջ իրար հետ փոխանակելով անցեալի լաւ յուշեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին