Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Շնորհաւորական Ուղերձներ Ստացած է Յաղթանակի Տօնի Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայրենական Մեծ պատերազմին յաղթանակի 74-ամեակի առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնպրես»-ը, վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Վլատիմիր Փութին մասնաւորապէս նշած է, որ Ռուսաստանը եւ Հայաստանը համատեղ պայքար մղած են ֆաշիզմի դէմ եւ մեծագոյն զոհողութիւններու գնով կրցած են յաղթանակ տօնել: «Վստահ եմ, որ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են եղբայրական բարեկամութեան աւանդոյթներու վրայ, այսուհետ նոյնպէս պիտի զարգանան ինչպէս երկկողմ հիմքի վրայ, այնպէս ալ եւրասիական տարածաշրջանի մէջ փոխշահաւէտ համարկային գործընթացներու առումով: Հայրենական Մեծ պատերազմի՝ Հայաստանի մէջ բնակող վեթերաններուն փոխանցեցէք ամենաանկեղծ շնորհաւորանքներս, կը մաղթեմ անոնց քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ երկար տարիներու կեանք»,- ըսուած է Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի տարեդարձի առիթով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նաեւ Պիելոռուսիոյ, Թուրքմենստանի, Տաճիկստանի, Ղազախստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաեւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին