Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի Խօսքը՝ Առաջնորդն ու Միջավայրը. «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» Գիրքի Շնորհանդէսին

Խօսքիս առաջին հատուածով պիտի ներկայացնեմ շարք մը այն իրադարձութիւններէն, որոնց բովէն անցաւ կամ ականատեսը եղաւ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը: Բ. հատուածը պիտի առնչուի այդ իրադարձութիւններուն՝ Մեթրին ունեցած հակադարձութեան. պիտի տամ փունջ մը: Խօսքս պիտի փակեմ ամփոփ խորհրդածութիւններով:

Այսպիսի կառոյց տուած եմ խօսքիս, որովհետեւ կը կարծեմ որ անհատին, առաջնորդին գործունէութիւնը արժեւորելու համար մարդ պարտի նայիլ անոր միջավայրին, առկայ մտայնութեան եւ մթնոլորտին, ապա վերլուծել թէ ան ի՛նչ կրցաւ բարեփոխել, բարելաւել այդ իրականութեան մէջ: Ո՛վ էր այս մարդը, ուրկէ՛ յառաջացած իր կազմաւորումը, ինչի՛ կը հաւատար, ի՛նչ սկզբունքներով, արժեչափերով, միջոցներով եւ արդիւնքներով առաջնորդեց հաւաքականութիւնը:

Ա) 1930ականներու կէսերէն մինչեւ 90ականներ՝ իր գործունէութեան շրջանին, Մեթր Սեդրակեան ականատեսը եղաւ Բ. Աշխարհամարտին եւ Խորհրդային Հայաստանի վտանգուածութեան, թրքական ախորժակներուն, պաղ պատերազմին՝ Ատլանտեան եւ Վարշաւիոյ ուխտեր, Քորէայի պատերազմ, Հարաւ. Ամերիկայի յեղափոխական շարժումներ եւ Քասթրոյի քուպայական յեղափոխութիւն, Վիեթնամի տագնապ, հուսկ՝ լարուածութեան նուազում, համաշխարհային գործակցութեան մանր իրագործումներ:

Ան տեսաւ Ալեքսանտրէթի բռնակցումը եւ աւելի քան 12000 հայութեան Լիբանան հաստատումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ անկախութիւնները, Պաղեստինի բաժանումը, Սուրիա-Իրաք-Յորդանան-Եգիպտոս պետական յեղաշրջումներ, Սուէզի Ջրանցքի վրայ գաղութատիրական յարձակում, Կիպրոսի եւ Ալճերիոյ տագնապներ, նասէրականութիւն, Եգիպտոս-Սուրիա Միացեալ Արաբական Պետութիւն, Լիբանանի նախագահական եւ երեսփոխանական լարուած ու կեղծուած ընտրութիւններ, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներ, Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւն, Լիբանանի 1958ի քաղաքացիական կռիւներ…, նաեւ՝ լիբանահայութեան վերելք, դպրոցաշինութիւն, եկեղեցաշինութիւն, ԹՄՄի հիմնում, Պէյրութի վերածում Սփիւռքի մայրաքաղաքի, հայրենադարձ, պաղեստինահայ գաղթականականութիւն, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններու տագնապներ, Անթիլիաս-Էջմիածին եկեղեցական վտանգալից տագնապ, որ ալեկոծեց այլ թեմեր՝ Յունաստան, Իրան…, Պէյրութի մէջ ժամանակաւորապէս յառաջացուց Սուրիա-Լիբանանի անկախ թեմ…:

Խորաթափանցութի՛ւն պէտք է լրիւ ըմբռնելու համար այդ տարիներու հայութեան ապրած խռովքը եւ չհասկնալը թէ ինչպէ՛ս եկեղեցական տագնապը վերաճեցաւ եղբայրասպանութեան եւ հայ կուսակցութիւնները իրենց ազգային առաքելութենէն շե-ղե-ցան:

Եղան եւ լուսաւոր իրադարձութիւններ՝ Խ. Հայաստանի վերելք, սփիւռքահայ ուսանողներու կրթութեան ստացում Երեւանի մէջ, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապերու Կոմիտէ, Եղեռնի Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան, Հայաստանի մշակութային խուժում լիբանահայ բոլոր տուներ, Նոր Խարբերդ, Նոր Այնթապ…, 1950ականներու լիբանահայ մարզական նուաճումներ, որով նոր ինքնավստահութիւն մը պարուրեց մեզ թէ մենք, այո՛ վերականգնած ենք, իսկ 1960ականներու մամուլին մէջ յաճախակի երեւցող Անաստաս Միկոյեանով լիբանահայը ընկալեց … թէ աշխարհի գերագոյն երկու ուժերէն մէկուն ղեկավարը հայ է…:

Ո՞վ չի յիշեր յաճախակի կրկնուող Ռուբէն Մամուլեանի, Վիքթոր Համբարձումեանի, Տիգրան Պետրոսեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի անունները, նաեւ անցումը հին սերունդի մեծերուն՝ Բաբկէն Աթոռակից կաթողիկոս, Միհրան Տամատեան, Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեանց, Գալուստ Կիւլպէնկեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քաղաքական դէմքեր, եւ նորերու ժամանում՝ Վազգէն վեհափառ ու Ալեք Մանուկեան: Դեռ տակաւին՝ 1960ականներու վերջաւորութեան թափ առած Արփա Սեւանի հորատում, Թէքէեան Կեդրոնի բացում, հակասական Գաղտնի Բանակ ու Արդարադատութեան Մարտիկներ…: Մեր ընկալումներուն մէջ մենք սկսանք տեսնել, թէ մեր վերելքի ճախրումին մէջ մեր դէմ լեռներն իսկ չեն դիմանար, իսկ Հայկական Հարցին լուծման խնդրով մենք կ’երթանք գերագոյն զոհողութեան: Պէտք է յիշել երկու եկեղեցապետերուն ողջագուրումը, Եղեռնի յիսնամեակի նշումը, միացեա՛լ նշումը Պէյրութի մէջ, որ եկաւ լռութեամբ ըսելու կուսակցական մեղայագիրը, թէ այո՛՝ սխալած էին, եւ ահա վերագտած են իրենց ուղին, փաստ՝ 1975-90ի Լիբանանի փորձանաւոր պատերազմին, անոնք մէկ կողմ դրին իրենց տեղական դաշնակիցները, իրարու հետ ունեցած տարակարծութիւնները:

Զուլալ ու ցեխոտ, յուսատու եւ հիասթափեցնող, շփոթեցնող ու խաչաձեւող վերիվայրումներու չորս տասնամեակներ էին Մեթր Սեդրակեանի ականատեսած 1940-80ականները:

Բ) Վերոյիշեալ իրադարձութիւններուն՝ Մեթր Սեդրակեան ինչպէ՛ս հակադարձեց, ինչու՛:

Մեթրին կենսագործունէութեան միջավայրը Լիբանանն էր, Սփիւռքի մայրաքաղաքը, իր տեսադաշտը՝ հայկական տիեզերքը՝ այլեւայլ բնագաւառներով, անցեալով, ներկայով ու գալիքով, ու այդ բոլորին ան կը մօտենար ոչ-հռետորութեամբ, արհեստավարժի նախանձախնդրութեամբ:

Մեթրը վերոնշեալ իրադարձութիւններէն արեւելեց ինքզինք, ընտրելով զինք, հայկական եւ տեղական միջավայրը յուզող կարեւորագոյն խնդիրներ, որոնց մասին գրեց ու գործեց՝ լիցքաւորուած նաեւ միւս իրադարձութիւններուն տրամաբանութեամբ:

Ստորեւ Մեթրին տեսակէտերէն, բառացի՝ իր յօդուածներէն.-

Հայութիւն.- Ոչ մէկ ուժ կրնայ բնաջնջել ժողովուրդ մը, որուն վերապրելու կամքը անտեղիտալի է, հաւատքը իր պատմական դերին հանդէպ՝ անխախտ: …Հայրենիքի եւ արտասահմանի բոլոր գաղութներուն հայութիւնը կը կազմէ ամբողջութիւն մը, գաղութի մը տկարացումը կը տկարացնէ մեր ազգը՝ իր ամբողջութեանը մէջ: …Արտասահմանի մեր ազգային կեանքը կը նմանի բազմաթիւ ճակատներով պատերազմի մը: Երբ ճակատներէն մէկը տկարանայ … հրամանատարութիւնը կը համախմբէ իր ուժերը, անոնց նոր դասաւորումը կը կատարէ եւ դէպի վտանգուած ճակատը կը փութացնէ իր պահեստի ուժերը …:

Հայ Դատ.- Որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենայ մարդկային քաղաքակրթութեան իր լրիւ մասնակցութիւնը բերել՝ անհրաժեշտ է որ ազատագրուին Թուրքիոյ բռնագրաւած մեր պապենական հողերը եւ ընդլայնուած հայրենիքի մէջ համախմբուի մեր ժողովուրդին գոնէ մեծագոյն զանգուածը: Այնքան ատեն որ մենք չենք հրաժարիր թրքական բռնակալութեան տակ գտնուող մեր պապենական հողերը ազատագրելու գաղափարէն, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ուշ կամ կանուխ պիտի իրականանան մեր երազները: Տարիները նշանակութիւն չունին հողային արդար հարցի մը կարգադրութեան համար, երբ կարենանք յաջորդական սերունդները դաստիարակել այնպէս՝ որ չհրաժարին մեր սրբազան Դատէն: Անհրաժեշտ է Հայ Դատի թղթածրարը միշտ պատրաստ պահել. ամէն հայ պէտք է լարէ ինքզինք, որպէսզի երբ օրը գայ՝ պատրաստ ըլլայ …:

Հայրենիք.- Հայրենիքի լուսափայլ իրականութիւնը, իր հայ պետականութեամբ եւ հայ ժողովուրդով, ո՛չ միայն խարիսխն ու գրաւականն են ապագայի մեր աւելի մեծ երազներուն, այլ նաեւ հիմնական ազդակներէն մեծագոյնները՝ Սփիւռքի հայութեան ազգապահպանման: Արտասահմանի հայութիւնը չէ դատապարտուած կորսուելու, այնքան ատեն որ իր հոգիին մէջ կը պահէ հայրենիքի փառաւոր իրականութեան հաւատքը:

Հայաստանեայց Եկեղեցի.- Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գլխաւոր կեդրոնները արտասահմանի հայութեան ազգապահպանման գլխաւոր ազդակները կը կազմեն: Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան գոյութիւնն ու գոյատեւումը, իր վարչական անկախութեամբ, կը նկատենք օգտակար եւ անհրաժեշտ:

Դպրոց.- Ազգապահպանման ամէնէն շօշափելի եւ անմիջական արդիւնքներ տուող ազդակն է հայ դպրոցը: Զոհողութիւններու եւ նիւթական կարելիութիւններու գործածութեան ամէնէն արդիւնաւէտը կը հանդիսանայ դպրոցներու ստեղծումը: Պէտք է նախ մտածել հայ դպրոցներու հոգեկան շէնքին մասին, աշակերտութեան չտրուի թերի, մանաւանդ սխալ դաստիարակութիւն:

Ակումբ, Կուսակցութիւններ եւ Ղեկավարներ.- Ակումբները այն կեդրոններն են, ուր պատանիներն ու երիտասարդները կը շարունակեն իրենց ընդհանուր զարգացումն ու հայեցի դաստիարակութիւնը: Կուսակցութիւնները ժողովուրդի մը քաղաքական, ազգային եւ ընկերային ըմբռնումներուն եւ տեսակէտերուն կազմակերպեալ արտայայտութիւններն են: Անոնք իրենց գոյութիւնը կ՚արդարացնեն՝ երբ օգտակար ծառայութիւններ կը մատուցանեն երկրին եւ ժողովուրդին, ամբողջ հաւաքականութեան շահերը վեր կը դասեն իրենց անհատական եւ հատուածական շահերէն, երբ ինքզինքնին կը նկատեն որպէս հայրենիքին ծառայելու միջոցներ: …Մեծ տարեդարձները պէտք չէ ծառայեն միայն արժանի տուրքը տալու կազմակերպութեան մը վաստակին: Ղեկավարները պէտք չէ բաւարարուին եւ գոհունակութիւն զգան դիմագրաւելով միայն անմիջական հոգերն ու պարտականութիւնները, այլ ունենան տեսողութեան լայն ծիր՝ կանխատեսելու յետագայի հաւանականութիւններն ու կարելիութիւնները, պատրաստուելու զանոնք դիմագրաւելու:

Իրատեսութիւն.- Բոլոր ազգերը, իրենց պատմութեան ընթացքին կ՚ունենան տագնապներու, քաղաքացիական կռիւներու, ներքին յեղափոխութիւններու շրջաններ:

Անհրաժեշտ է որ ընդհանուր բնոյթ չկրող եւ սահմանափակ շրջանակի կարգ մը միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ միանան եւ իրենց ուժերը միացնեն:

Պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն գաղութի մը նեղ հաշիւներով: Կան համասփիւռքեան մտահոգութիւններ, եւ գաղութներու միջեւ համագործակցութեան, իրարօգնութեան, զիրար ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Հարցերը պէտք է քննել համագաղութային չափանիշերով:

Լիբանահայութիւն.- Մենք այլեւս հիւրեր չենք այս երկրին մէջ, այլ կը կազմենք մէկ բաղկացուցիչ տարրը Լիբանանի իսկական եւ բնիկ ժողովուրդին, վայելելով միեւնոյն իրաւունքները՝ իբրեւ հաւասարազօր քաղաքացիներ: Բայց իրաւունքը միշտ կ՚ենթադրէ պարտականութիւն: Լիբանանի հայութիւնը պէտք է դադրի այս գեղեցիկ երկրին ընկերային, հասարակական ու քաղաքական կեանքին լուսանցքին վրայ մնալէ: Ուսանող հայ նոր երիտասարդութիւնը չունի եւ պէտք չէ ունենայ նախորդ սերունդներու եկուորի, գաղթականի բարդոյթները:

Այս գաղութը պէտք է մտածէ նաեւ իր ապագայի նիւթական ապահովութեանց մասին…:

Երիտասարդական.- Վստահինք երիտասարդութեան: Ժամանակն է որ երիտասարդական մեր շարժումները վերածուին համագաղութային մեծ հաստատութիւններու՝ կեդրոնական ղեկավարութեամբ, պարբերական համագումարներով, որակեալ պաշտօնէութեամբ եւ ընկերային գործերու մասնագէտներով: Պէտք է արդի ըմբռնումով կազմակերպել սքանչելի մեր երիտասարդութիւնը. պէտք է երիտասարդութիւնը եւս կազմակերպուի, նոյնիսկ երբեմն ի հեճուկս հին սերունդներուն:

Վերանորոգումի մարդը.- Ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնը ունեցող որեւէ հաւաքականութիւն պէտք է տեւապէս անհանգիստ զգայ ինքզինք, հարցականի տակ առնէ իր գործունէութիւնը: Սփիւռքի այս հանգրուանին, պարտաւոր ենք ամբողջական վերատեսութեան ենթարկել եւ արդիականացնել մեր վարչամեքենան, ղեկավարման ձեւը: Փոխուած են կեանքի պայմանները, միայն վարչականներու զոհողութեամբը կարելի չէ շարունակել եւ զարգացնել գործունէութիւնը: Գործունէութեանց համար պէտք են վճարովի եւ բաւարար թիւով վարիչներ, գործիչներ ու քարտուղարներ:

Ազգերն ու հաւաքականութիւնները չեն գոյատեւեր, չեն յառաջդիմեր հին երազներով, ողբասացութիւններով: Մեր ազգային եւ հաւաքական եկամուտներու յատկացումին մէջ քննարկենք ներդրումը ուշիմութեամբ եւ իմաստութեամբ կատարելու հիմնական հարցը:

Հայ Իգական Սեռ Եւ Մամուլ.- Կայ ուժի հսկայ աղբիւր մը, որ ցարդ եւ գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս բաւարար չափով չէ օգտագործուած մեր ազգային-հասարակական-հաւաքական կեանքին մէջ: Ուժի այդ աղբիւրը հայ իգական սեռն է:

Քիչ անգամ կ’անդրադառնանք ազգապահպանման գծով, հայ մամուլի կատարած հսկայական դերին: Սփիւռքի հայ թերթերը մեր ամէնօրեայ հոգեկան կապն են աշխարհին եւ աշխարհի հայութեան հետ: Կարելի եւ արդար ալ չէ այլեւս ակնկալել, որ մտաւորականներ աշխատակցին հայ թերթերուն առանց նիւթական վարձատրութեան:

Ղեկավարը.- Իր ղեկավարի իտէալներն էին Վազգէն Ա. կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄ ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանը: Ղեկավարը պէտք է յորդի հոգեկան կեանքով ու կորովով, իր անձնական օրինակովն իսկ ոգեւորէ ու գործի մղէ իր անմիջական ու հեռաւոր գործակիցները: Ղեկավարը այն է որ կը տեսնէ համախոհներ եւ թեւ ու թիկունք կու տայ անոնց:

 

Իր Էութիւնը.- Ան ժողովուրդին մէջ ապրող, դժուարութիւններն ու խեղճութիւնը մտիկ ընող անձն էր, ո՛չ եսամոլը, ո՛չ հատուածականը, հեռու էր անհատապաշտ-մենատիրական ձգտումներէ, թունաւորող պառակտումներէ, վտանգաւոր փառասիրութիւններէ: Գիտակից գործակցութեան եւ համախոհութեան մարդն էր ան, որ կը հաւատար հայուն հրաշափառ յարութեան, խաղաղութեան բարիքներուն: Տեւապէս նորոգուիլ, արդիականացում եւ արհեստավարժութիւն փափաքողն էր ան, որ յաջողութեան համար կ’ուզէր որ սիրտ դրուի գործին մէջ, խիղճ եւ հայու արժանապատուութիւն: Հաւասարակշռեալն էր ան, իր գործին հանդէպ հաւատաւորն ու նուիրեալը, հակառակորդին դրական քայլերը գնահատողը եւ իր դաշնակիցին թերի ընթացքը քննադատողը:

Գ) Պէտք է շեշտել, որ Մեթրը 10 տարեկանին հայերէն սորվեցաւ եւ բնականաբար հաւատաց անոնց՝ հայ իրականութեան, որ իրեն հայերէն սորվեցուց: Մեթրին համախոհութիւնը արդիւնքն էր իր մասնագիտութեան. իրաւաբան մարդ էր ան, որ կը հաւատար հարցերը քննարկելուն, փոխզիջումին:

ՌԱԿ-ԹՄՄ «ոսկեայ հնգեակը»՝ Բարունակ Թովմասեան, Գերսամ Ահարոնեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Յակոբ Դաւիթեան վառ ու զօրաւոր կերպարներ էին, որոնք վստահաբար անհատականութեան բախումներ ունեցան իրարու հետ: Ինծի կը թուի թէ զանոնք համախոհութեան բերողը, ներդաշնակեցնողը Մեթրը կրնար ըլլալ:

Այդ համախոհութեամբ յառաջացած ներդաշնակ գործունէութեան շնորհիւ էր, որ հնգեակը նոր շունչ տուաւ կուսակցութեան՝ անոր կեդրոնը Եգիպտոսէն Պէյրութ փոխադրելով, եւ անոր տալով համակիրներու փաղանգ եւ արմատաւորելով ռամկավարական գաղափարախօսութիւնը լիբանահայ ու այնուհետեւ՝ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ:

… Քիչ առաջ, իրադարձութեանց շարքին մէջ չնշեցի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը եւ Ղարաբաղեան ինքնորոշման պայքարը: Որովհետեւ հարցերը ուզեցի դիտել Մեթրին այսօրուան աչքերով: Յիրաւի, ՌԱԿը մեծագոյն բացական է վերջին քսանհինգ տարիներու հայ իրականութենէն, կամ ունի լուսանցքային այն ներկայութիւնը, որուն հետեւանքով առաւել անհաւասարակշռուած է սփիւռքահայ իրականութիւնը: Լաւ պիտի ըլլայ որ իւրաքանչիւր նախանձախնդիր անհատ Մեթրին աչքերով դիտէ ՌԱԿի վերջին քսանհինգ տարիներու վիճակը, Մեթրին ըսած՝ հայու՛ արժանապատուութեամբ, քիչ մը սիրտ ու խիղճ դրած իր հայեացքին մէջ:

Ճիշտ է, այսօր այս գիրքով կը յարգենք յիշատակը Մեթրին եւ իր լծակիցներուն, բայց Մեթրը շատ աւելի պիտի փափաքէր որ պատկան մարմինները վերջ տային ՌԱԿի հանդէպ իրենց կատարած անիրաւութեան:

Մեթրին չափաւորական լաւատեսութեամբ կրնանք դրական խորհրդանշաններ տեսնել այսօր այստեղ.- այս գիրքը, կազմուած՝ երիտասարդ, կազմաւորուող մտաւորականի մը ձեռամբ, գիրքին շնորհանդէսը ԹՄՄ Կեդրոնի Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի անունը կրող սրահին մէջ, ձեր ներկայութիւնը եւ այն լաւն ու դրական ժառանգը որ ամբարած է ՌԱԿը իր ազգային գործունէութեան ընթացքին: Այս բոլորը եւ ուրիշ դրական գործօններ, պարտին նոր արշալոյսի առաջնորդել ՌԱԿը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին