Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

ԱՄՆ Սահմանային Արգելապատի Վրայ Պիտի Ծախսէ Հրթիռներու եւ Ինքնաթիռներու Համար Յատկացուած Միջոցները. WP

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մեքսիքի հետ սահմանին արգելապատի կառուցման համար 1,5 միլիառ տոլար ուղղած է այն միջոցներէն, որոնք նախատեսուած են, մասնաւորապէս, Minuteman III միջմայրցամաքային հրթիռներու, ինչպէս նաեւ հեռաւոր ռատիօտեղորոշման յայտնաբերման ու կառավարման ինքնաթիռներու արդիականացման ծրագիրներու ֆինանսաւորման համար: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, Մայիս 12-ին յայտնած Է The Washington Post թերթը, որուն հասու դարձած են Փենթակոնի համապատասխան փաստաթուղթերը:

Յատկացուած միջոցները պիտի ծախսուին շուրջ 130 քմ արգելապատի կառուցման վրայ, անոնք ներառուած են թմրանիւթերու դէմ պայքարի ծախսերու յօդուածին: Նախարարութիւնները նշած են, որ միջոցներու փոխանցումը բացասական ազդեցութիւն չ’ունենար մարտունակութեան վրայ: Աւելի վաղ Ուաշինկթոնեան վարչակազմի պաշտօնատար անձինք կ’ընդունԷին, որ այդ գումարները կրնային ուղղուիլ ռազմական այն նախագիծերուն, որոնք լրացուցիչ ֆինանսաւորման կարիք ունին:

Բացի 1,5 միլիառ տոլարէն, Փենթակոնը արգելապատի կառուցման համար եւս մօտաւորապէս 4,6 միլիառ տոլար կը յատկացնէ ռազմական կառոյցներու շինարարութեան ծախսերու յօդուածով: Ամերիկեան կառավարութեան այս քայլը Քոնկրէսի մէջ յարուցած Է դեմոկրատներու դժգոհութիւնը, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին