«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնիներու նախկին պատրիարք Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր մահացած է Կիրակի առաւօտեան, 98 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Մարոնիներու նստավայր Պքերքէն, նոյն օրը, տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ «եկեղեցին որբացած է եւ Լիբանանը սուգի մէջ է»: 2011-ին Սֆէյր պատրիարքին յաջորդած Պշարա Ռայ կոչ ըրած է երկրի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջելու՝ ի յիշատակ Սֆէյր պատրիարքի: Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ յիշատակի պատարագ՝ մասնակցութեամբ Սֆէյր պատրիարքի հարազատներուն։
Սֆէյր պատրարքը պիտի յուղարկաւորուի Պքերքէի մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 16-ին, կ.ե. ժամը 5-ին։
Պատրիարքի վախճանման առիթով, երկրի ղեկավարներն ու նշանաւոր այլ գործիչներ, Կիրակի առաւօտեան, յայտնած են իրենց յարգանքի խօսքը.
Նախագահ Միշէլ Աուն ըսած է, որ Լիբանանը կորսնցուց «իր ամենայայտնի պատրիարքներէն մէկը … որ իր դրոշմը ձգած է եկեղեցւոյ վրայ»:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի պատրիարքը բնութագրած է իբրեւ «ազգային խորհրդանիշ» եւ բարձր գնահատած է «արիւնալի բախումներէն ու ապակառուցողական հակամարտութիւններէն ետք Լիբանանը խաղաղութեան առաջնորդելու» անոր ջանքերը։
Ճոմպլաթ գրած է,- «Հրաժեշտ՝ անկախութեան, հաշտութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան պատրիարքին»:
Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած պատարագէն ետք՝ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ՝ պատրիարքը բնութագրած է իբրեւ «կողմնացոյց եւ ուղեցոյց» լիբանանցիներուն համար:
1920-ին Ռէյֆունի Քեսըրուան գիւղին մէջ ծնած Սֆէյրը 1986-ին դարձած էր եկեղեցւոյ առաջնորդը: Այնուհետեւ, 1994-ին, Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս II-ի պապին ձեռամբ ձեռնադրուած էր քարտինալ:
Սֆէյր աշխոյժ էր քաղաքականութեան մէջ: Ան նաեւ մեծ յարգանք կը տածէր իր խաղաղարար գործունէութեան համար: Ղեկավարած է պատմական հաշտեցում, 2001-ին, Մարոնի եկեղեցւոյ եւ Տիւրզի աղանդին միջեւ։