«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռազմական վեթերանները այսօր կրկին բողոքի ցոյցեր կ’իրականացնեն 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ առաջարկուող կրճատումներուն դէմ:
Առաւօտեան 6:00-էն սկսեալ, վեթերանները՝ ողջ երկրի տարածքին՝ կը սկսին նստացոյցերը եւ կ՝արգելափակեն ճանապարհներն ու պետական շէնքերը` «նախազգուշացնելով կառավարութիւնը` չխախտելու օրէնքով նախատեսուած աշխատավարձերը կամ կենսաթոշակները»,- նշած է Վեթերաններու կազմակերպութիւնը:
Կազմակերպութիւնը գործադուլին միանալու կոչ ըրած է նաեւ լիբանանցի բոլոր թոշակառուներուն, քանի որ «բոլոր կենսաթոշակառուները պիտի ընկղմին նոյն նաւակով»։ Անոնք ներողութիւն խնդրած են ժողովուրդէն՝ գործադուլի պատճառով ստեղծուած «անյարմարութիւն»ներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Ուրբաթ օր, երբ նախարարները կը քննարկէին պիւտճէի նախագիծը, Պէյրութի Ռիատ ալ Սոլհ հրապարակին վրայ, տասնեակ թոշակառու զինուորականներ կը բողոքէին՝ ըսելով, որ «անոնք բոլորը գող են»։