«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մեթրոյի չորս կայարաններ հոսանքազրկուած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը:
Պաքուի մեթրոյէն յայտնած են, որ հոսանքազրկումը տեւած է երկու վայրկեան, ինչը յանգեցուցած է գնացքներու ուշացման: