Արցախի Սահմաններուն Լարուած Իրավիճակը Կ’աճի
ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Հակառակ մի քանի ամիս շարունակուող յարաբերական անդորրին՝ առաջնագիծին կրկին լարուածութեան աճ արձանագրուած է: Այդ լարուածութիւնը նկատելի է թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ Արցախի սահմաննուրուն երկայնքով: Զուգահեռ՝ թուրք-ատրպէյճանական համատեղ հերթական զօրավարժութիւնները իրականացուեցան՝ Ատրպէյճանի տարածքին: Ռազմական ոլորտի հետ՝ դիւանագիտական օրակարգն ալ իր արդիականութիւնը կը պահպանէ. Աշխուժացած են խօսակցութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտգործնախարարներու հերթական հանդիպման շուրջ: Դեռ ոչ պաշտօնապէս բայց արդէն կը շրջանառուին լուրեր, որ Մնացականեան-Մամետեարով հերթական հանդիպումը կրնայ ԱՄՆ-ի մէջ կայանալ:
Մայիս 1-3 Ատրպէյճանի մէջ կայացած են թուրք-ատրպէյճանական հերթական համատեղ զօրավարժութիւնները: «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք-2019» կոչուող զօրավարժութիւնները իրականացուած են մարտական հրաձգութեամբ: Անոնց նպատակն է համակարգել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ստորաբաժանումներու գործողութիւնները: «Ասիկա կ’ապացուցէ, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց դիրքորոշումը հայութեան հանդէպ չեն փոխած»,- կը յայտնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան: Թուրք-ատրպէյճանական տանդէմը յստակ հակահայկական ուղղուածութիւն ունենալը՝ Դաւիթ Բաբայեանը նորութիւն չի համարեր: Այսօր ակներեւ է, որ այդ դաշինքը ուղղուած է ոչ միայն հայութեան դէմ: «Ասիկա արդէն լուրջ մարտահրաւէր է ոչ միայն հայութեան համար: Այս դաշինքը լուրջ սպառնալիք է նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի, արեւմտեան պետութիւններուն համար»,- կը թուարկէ Դաւիթ Բաբայեան: Մոսկուայէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան ժամանման օրը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանն ու սահմանամերձ տարածքները գնդակոծելով՝ Պաքուն հերթական անգամ հաստատեց այդ դիտարկումը: «Մոսկուայիի այս փաստին որեւէ կերպ չարձագանգելը, ցոյց կու տայ, թէ որքան թեթեւ կշիռ ունին մեր համաձայնութիւնները ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Ռուսիոյ հետ»,- կ’ընդգծէ քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրաբեան:
Այս պահուն անհետաձգելին հայկական զինուած ուժերու մարտունակութեան կատարելագործումն ու զինանոցի համալրումն է, ինչը եւ կը կատարուի: Մայիսի 3-ին «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանի մէջ ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող հրասայլերու զօրախումբը հզօրացուած ստորաբաժանումներէն մէկուն ներգրաւմամբ իրականացուած է մարտական հրաձգութեամբ մարտավարական զօրավարժութիւն: Ըստ բեմագրի՝ խաղարկուած են պաշտպանութեան բնագիծ մխրճուած հակառակորդը կասեցնելու, ետ մղելու եւ առաջնագիծի վերականգնման իրադրութիւններ: Որպէսզի առաջնագիծին իրավիճակը կարենայ զարգանալ նման բեմագրերով՝ առնուազն փորձագէտները չեն բացառեր: Փաշինեան-Ալիեւ ոչ պաշտօնական եւ պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած բանաւոր համաձայնութիւնները որոշակի փոփոխութիւններ բերին, բայց չեն կրնար երաշխիք ըլլալ, կը յիշեցնէ Ռուբէն Մեհրաբեան. «Համաձայնութիւնները կրնան միայն պայմաններ ստեղծել յետագայ բանակցային գործընթացի համար, մթնոլորտ ստեղծել: Ինքնին համաձայնութիւնները չեն կրնան կանխորոշել կարգաւորման գործընթացի ուղղութիւնը: Միւս կողմէ ալ` այդ բանաւոր համաձայնութիւնները չեն կրնար լարուածութեան աճը կասեցնելու իրական գործիք համարուիլ»: Անիկա կը փաստէ նաեւ առաջնագիծի խախտումներուն վիճակագրութիւնը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մայիս 3-ին հաղորդագրութիւն տարածած է՝ առաջնագիծին ատրպէյճանի կողմէն խախտումները աւելնալու եւ սադրանքներու փաստերու մասին: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’ահազանգէ: Վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ կը նկատուի հակառակորդի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ճարտարագէտա-շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներու եւ հրադադարի պահպանման ռեժիմի խախտումներու տեսքով: Միայն Մայիս 2-ի լոյս 3-ի գիշերը բանակի հիւսիս-արեւելեան հատուածի մէջ գտնուող մարտական դիրքերու ուղղութեամբ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար զինատեսակներէն, գնդացիրներէն ու ինքնաձիգերէն արձակած է շուրջ 330 կրակոց: Միայն վերջին շաբթուան ընթացքին՝ խախտումները 30-40 տոկոսով աւելցած են: Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կրակային խոցման թիրախ կ’ընտրէ ոչ միայն ՊԲ առաջնային դիրքերը, այլեւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող հայկական անձնակազմի թիկունքային ապահովման շարժական կառոյցները: Մասնաւորապէս՝ ատրպէյճանական զինուժը բոլորովին վերջերս <<ՍՎԴ>> տիպի դիպուկահար հրացաններէն կրակ վարած է ՊԲ արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հացի մեքենայի ուղղութեամբ՝ վնասելով թափքը: Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան կ’ընդգծէ, որ անիկա եզակի դէպք չէ: Աբրահամեան խախտումներու վիճակագրութենէն աւելի վտանգաւոր կը համարէ առաջնագիծին եւ մօտակայ խորքին մէջ հակառակորդի կողմէն իրականացուած գործուն ճարտարագիտական աշխատանքները: Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, խախտումներու եւ սադրանքներու փաստերը արձանագրելով նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է անոնց վրայ՝ ատրպէյճանական կողմին կոչ ընելով ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու մարտավարութենէն:
Մայիս 2-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, իրավիճակի մասին մտահոգութիւն յայտնած է ԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքին: Քնարկուած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ Արցախա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին տիրող իրավիճակը: Նախարարը դեսպանին իր մտահոգութիւնները յայտնած է վերջին շրջանին հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու առնչութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է հայ զինծառայող:
Ամէն պարագայի՝ դեռ կը շարունակուին խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը: Շարքին մէջ յաջորդը կրնան ըլլալ Մնացականեան-Մամետեարով հերթական հանդիպումը, ամենայն հաւանականութեամբ՝ ԱՄՆ-ի մէջ: Ռուբէն Մեհրաբեան դեռ չի շտապեր սպասուող հանդիպումէն ակնկալիքները ներկայցնել: «Ի վերջոյ, նոյնիսկ բուն հանդիպման փաստը դեռ պաշտօնապէս յայտարարուած չէ, բնականաբար, չկայ նաեւ որոշակի պատկերացում, թէ արտգործնախարարները ինչ օրակարգով պիտի հանդիպին»,- կը հիմնաւորէ Ռուբէն Մեհրաբեան: Այս պահուն առաւել խորհրդանշական է փաստը, որ հակամարտութեան կողմերէն մէկը անթաքոյց չի ցանկար կարգաւորում: «Ես կը խօսիմ Պաքուի մասին: Իլհամ Ալիեւի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է արտաքին թշնամի ունենալը: Եթէ արտաքին թշնամի չըլլայ, ատրպէյճանցիները արդէն Ալիեւին հարցեր կու տան` ինչու վատ կ’ապրին, ինչու Ալիեւները կը տնօրինեն պետական միջոցները: Անիկա թոյլ չտալու համար անոր ձեռնտու է ի դէմս հայերու թշնամիի կերպար պահել ու շարունակել հարստանալ»,- կը հիմնաւորէ Ռուբէն Մեհրաբեան: Փորձագէտը ասիկա արդէն իսկ բաւարար հիմք կը համարէ արտգործնախարարներու հանդիպումներէն ծանրակշիռ ակնկալիքներ չունենալու համար:
Յ. Գ. Մայիս 4-ին՝ ժամը 16:05-ի սահմանին, ՊԲ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէն արձակուած կրակոցէն, հրազէնային վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինծառայող, 1998թ. ծնած Ագանիկ Գառնիկի Զօրոգլեան: Վիրաւորում ստացած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր:
Ստեփանակերտ