«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի Ուրբաթ օր յայտնած է, թէ գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Մանսուրիէի մէջ բարձր աստիճանի ելեկտրական գիծերու տեղադրումը առողջութեան համար վնասակար չէ։
«Մենք կը հասկնանք բնակիչներուն մտահոգութիւնները, եւ ես հանդիպած եմ անոնց հետ ու լսած զիրենք։ Սակայն, մենք ունինք միջազգային ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան անոնց անվնաս ու այլընտրանքային ըլլալը»,- ըսած է Պուսթանի` «Լիբանանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Քամալ Հայէքի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օրուընէ, Մանսուրիէի բնակիչները կը բողոքէին տարածքին մէջ բարձր աստիճանի ելեկտրական գիծերու տեղադրման դէմ` նշելով առողջութեան հետ կապուած իրենց մտահոգութիւնները եւ կոչ ընելով իրականացնել լարերու ստորգետնեայ տեղադրումը:
Սակայն, Պուսթանի յայտնած էր, թէ լարերու ստորգետնեայ տեղադրումը աւելի վնասակար է բնակիչներուն համար:
Ուժանիւթի նախարարութիւնը բազմիցս նշած է, թէ գիծերուն տեղադրումը անհրաժեշտ է՝ ապահովելու համար համապատասխան ելեկտրականութեան մատակարարումը տարածքին մէջ։ Ըստ անոր, ատիկա նաեւ ելեկտրականութեան ոլորտի վերափոխման ծրագիրին մէկ մասն է:
Պուսթանի ընդգծած է, որ Մանսուրիէի նշեալ նախագիծը ընթացքին մէջ պիտի դրուի՝ Սուրի, Հերմելի եւ Ֆայթրունի հետ համատեղ: