«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշում ընդունած է Փաթրիք Շանահան առաջադրել պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Մայիս 9-ին այդ մասին յայտնած Է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սենտըրզ:
«Նախագահ Թրամփ որոշած Է Փաթրիք Շանահանի թեկնածութիւնը առաջադրել պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնիh, նկատի առնելով վերջինիս երկրին բերած օգուտը, եւ ղեկավարելու անոր ընդունակութիւնը»,- ըսուած Է անոր յայտարարութեան մէջ:
Ներկայիս Շանահան Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնակատարն Է:
Սառա Սենտըրզ կ’ընդգծԷ, որ, Տանըլտ Թրամփի կարծիքով, Փաթրիք Շանահան այդ պաշտօնը վարելու ամիսներուն ընթացքին ապացուցեց, որ կրնայ արդիւնաւէտ կերպով ղեկավարել երկրի պաշտպանական գերատեսչութիւնը:
Այժմ անոր թեկնածութիւնը պէտք Է հաստատէ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը:
2017 թուականի Յուլիսին Շանահան դարձաւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը: Ընթացիկ տարուայ Յունուարէն կը կատարԷ Փենթակոնի ղեկավարի պարտականութիւնները՝ կապուած Ճէյմս Մեթիսի պաշտօնաթողութեան հետ: Մինչ այդ Շանահան 31 տարի աշխատած Է Boeihg ընկերութեան համար: 2016 թուականին նշանակուած Էր այդ ընկերութեան աւագ փոխնախագահ, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը: