Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Դատարկ Դրամապանակներ` Ի Նշան Բողոքի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութեան շենքին դիմաց այսօր դատարկ դրամապանակներ նետուած էին: Եկամտային հարկի համահերթեցման դէմ պայքարող «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները այս անգամ ընտրած էին բողոքը արտայայտելու այդ եղանակը` ցանկալով ցոյց տալ, որ միջին եւ ցած եկամուտ ստացողներու դրամապանակները հիմնականօրէն դատարկ են, համահարթեցումը ա′լ աւելի պիտի վատացնէ անոնց ընկերային վիճակը եւ պիտի խորացնէ հասարակութեան շերտերու միջեւ առկայ բեւեռացուածութիւնը:

Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեան անդամները նշած են, որ նախագիծի ընդունումը պիտի յանգեցնէ աղքատութեան ցուցանիշի աճին եւ պետական ամավարկի մուտքերու կրճատման:

Կառավարութեան շէնքի դիմաց հաւաքուածները նամակ փոխանցած են գործադիրին` ներկայացնելով նախագիծին վերաբերեալ իրենց դիտարկումներն ու հիմնաւորումները: Անոնց նպատակն այն է, որ կառավարութիւնը ետ կանչէ Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու մասին նախագիծը կամ չեղեալ յայտարարէ եկամտահարկի համահարթեցումը:

Յիշեցնենք, որ «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը վերջերս ալ հաւեր բերած էր ազգային ժողովի բակը` ի նշան բողոքի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին