Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Մէջ Մասնակցած է Եռատօնին Նուիրուած Միջոցառումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 9-ին այցելած է Արցախի Հանրապետութիւն, ուր մասնակցած է եռատօնին` հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի, լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած միջոցառումներուն: 

«Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քաղաքացիներուն հետ միասին երթով շարժած են դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դրած են Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշարձանին: 

Ապա, ՀՀ վարչապետը այցելած է յուշահամալիրի հարեւանութեամբ գտնուող Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատուն, ծաղիկներ դրած անոնց շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով ազատամարտիկներու յիշատակին: 

Երկու հայկական հանրապետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ դրած են Շուշիի Հրասայլ-յուշարձանին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին՝ յարգելով անոր յիշատակը: 

Շուշիի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութեան ժամանակ վարչապետ Փաշինեան զրուցած է ներկաներուն հետ եւ շնորհաւորած՝ տօնական օրուան առիթով: 

Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի նորակառոյց Սուրբ Աստուածամօր Յովանու եկեղեցի, կատարած մոմավառութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին