Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք (լուսանկարներ)

Լիբանանահայ Կեանք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Երեքշաբթի 7 Մայիս 2019-ին երեկոյեան ժամը 6։00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի չորս եւ չորսէ աեւլի աշակերտ հովանաւորած նուիրատուներու յուշանուէրներու բաշխման հաւաք։

«Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի պատասխանատու Տիկին Սարին Շէմէմեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սոյն ծրագիրի մեկնակէտն է զօրակցիլ նիւթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն։ «Գնահատանքի նախաձեռնութիւնները բարերարներուն դերը արժեւորելէ անդին, միջոց են ստեղծելու քաջալերական մթնոլորտ այլ անհատներու մօտ, որպէսզի ուրիշներ եւս միեւնոյն թափով օգտակար դառնան նշեալ ծրագիրին» հաստատեց Տիկին Ս. Շէմէմեան աւելցնելով, որ Յունիս ամսուան աւարտին բոլոր բարերարները պիտի ստանան իրենց հովանաւորութիւնը վայելող աշակերտներուն շնորհակալական գծագրութիւնները եւ նամակները։

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ դպրոցը մեր հաւաքական մտահոգութեան, տագնապին, յաջողութեան եւ տեսլականին առարկան է աւելցնելով, որ բոլորս ալ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առընչուած ենք հայ դպրոցին հետ։ «Հայ դպրոցը հայ ընտանիքին, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր հայկական բոլոր կառոյցներու կողքին ունի իր անփոխարինելի տեղը եւ դերը եւ դուք ու ձեր նման բազմաթիւ հայորդիներ Լիբանանէն ներս թէ դուրս այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը զգացիք եւ պատրաստակամօրէն լիաբուռն կերպով ընդառաջեցիք մեր կոչին օժանդակելու եւ զօրակցելու հայ դպրոցին» հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս աւելցնելով, որ ասկէ մեկնելով, որպէս Ազգային իշխանութիւն իր բոլոր մարմիններով անգամ մը եւս մեր յանձնառութիւնը վերանորոգեցինք միասնաբար հայ դպրոցը մեր պատկերացուցած եւ մեր ակնկալած բարձրութեան վրայ տեսնելու հրամայականին եւ այսօր անգամ մը եւս եկած ենք վերանորոգելու մեր հաւաքական նախանձախնդրութիւնը եւ գործակցութիւնը հայ դպրոցին հանդէպ։

 
 

Շարունակելով իր խօսքը սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին շեշտելով, որ ինչ որ կը կատարենք՝ մեր բոլորին մասնակցութեամբ կը կատարուի եւ այդ է գրաւականը մեր յաջողութեան։ Ան նկատել տուաւ, որ երբ կը մասնակցինք հայապահպանման սրբազան առաքելութեան, խորապէս կը զգանք, թէ երբ բան մը կուտանք մեր անձէն, մեր կարելիութիւններէն, մեր էութենէն՝ այդ տրուածը կը դրուի մեր հաւաքական գանձանակին մէջ, այս պարագային հայ կրթութեան, հայ մարդու պատրաստութեան, հայ դպրոցի գանձանակին մէջ եւ այդ ձեւով մեր տուածը կը բազմապատկուի եւ կը ծառայէ իր նպատակին։

Եզրափակելով իր խօսքը առաջնորդը կրկին անգամ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին հայ դպրոցը իր պայծառութեան մէջ, հայ աշակերտը իր յաջողութեան մէջ եւ մեր բոլորին հաւաքական ճիգերը, մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ տեսնելու իրենց պատրաստակամութեան համար։

Այնուհետեւ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց ծրագիրի մասնակիցներուն։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին