Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Կեդրոնական Դրամատան Աշխատակիցներուն Գործադուլը Կը Շարունակէ Դադրած Մնալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կեդրոնական Դրամատան աշխատակիցներուն գործադուլը կը շարունակէ դադրած մնալ, որպէսզի Կառավարութեան անդամները աւելի երկար ժամանակ ունենան 2019ի պիւտճէի նախագիծը քննարկելու: Այս մասին, Հինգշաբթի, յայտարարած է Կեդրոնական Դրամատան աշխատակիցներու սենտիքայի ղեկավար Ապպաս Աուատա:

Ան ըսած է, որ Ուրբաթ օր նախատեսուած սենտիքայի նիստը կասեցուած է՝ ժամանակ տալով Կառավարութեան՝ շարունակելու պիւտճէի վերաբերեալ քննարկումները:

Աուատա նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, երբ Կեդրոնական Դրամատան աշխատակիցները Երեքշաբթի յայտարարած են, որ գործադուլը կը դադրեցնեն մինչեւ Ուրբաթ՝ բողոքի վերաբերեալ իրենց յաջորդ քայլերը որոշելու համար: Հաշուի առնելով, որ հանդիպումը յետաձգուած է, գործադուլը նոյնպէս կը շարունակէ դադրած մնալ:

Նշենք, որ Կեդրոնական Դրամատան աշխատակիցները մտահոգ են, որ Կառավարութիւնը կրնայ կրճատել իրենց աշխատավարձերը եւ նպաստները 2019ի պիւտճէով, որ տակաւին կը գտնուի  քննարկման փուլի մէջ:

Գործադուլը խզած էր Կեդրոնական դրամատան եւ առեւտրային դրամատուներու որոշ գործողութիւններ, որոնք, ըստ էութեան, որոշ դրամատուներու մէջ պատճառած էին կանխիկի բացակայութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին