Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Այսօր Պիւտճէին Վերաբերեալ Քննարկումներ Կ՝իրականացնէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութիւնը երէկ հաստատած է պետական ​​կառավարման եւ նախարարութեան աշխատակիցներու կողմէ անվճար օգտագործուող 5000 բջիջային հեռախօսագիծերու համար պետական ​​միջոցներու կրճատումը: Այս մասին հաղորդած է Հեռահաղորդակցութեան նախարար Մհամմէտ Չուսէյր:

Նշեալ քայլը կառավարութեան համար պիտի ապահովէ տարեկան մինչեւ 2 միլիոն տոլար, Twitterի իր էջին վրայ գրած է Չուսէյր։

«Այս գիծերու օգտագործողներուն տրուած է երկու ամիս՝ մուրհակները փոխանցելու իրենց հաշիւներուն, այլապէս գիծերը պիտի փակուին»,- գրած է ան:

Ժարրահ ըսած է, որ Կառավարութեան աշխատակիցները, այսօր կէսօրուան նախատեսուած նիստին, պիտի սկսին ճանապարհներ գտնել նուազեցնելու համար իրենց նախարարութիւններու ծախսերը։

Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնած է, թէ Հինգշաբթի օրուան հանդիպման մթնոլորտը «դրական» կը գնահատէ։

«Մենք, ամենայն հաւանականութեամբ, այսօր կ’աւարտենք պիւտճէի քննարկումները»,- ըսած է Խալիլ՝ զրուցելով լրատուամիջոցներու հետ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած Հինգշաբթի օրուան հանդիպումը պիւտճէի վերաբերեալ  կառավարութեան ութերորդ նիստն էր: Նախարարները, աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, հետեւողական հանդիպումներ կ՝ունենան հաստատելու համար պիւտճէի նախագիծը, նախքան զայն խորհրդարանի հաստատման ուղարկելը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին