«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով: Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Սիրելի’ հայրենակիցներ,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորս Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով:
Ասիկա տօն մըն է, որ ամէնուրեք կ’ոգեկոչուի խանդավառութեամբ, սիրով եւ յարգանքով, տօն, որ կը խորհրդանշէ հայրենական մեծ պատերազմի աւարտը եւ մարդկութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի մեկնարկը: Ի՞նչ է Հայրենական մեծ պատերազմը, եթէ ոչ սխրագործութիւններու, քաջագործութիւններու, անվեհեր հերոսութիւններու անվերջանալի շղթայ՝ զուգակցուած մարդկային ուղեղը մթագնեցնող սոսկալի յանցագործութիւններով, մարդկային կեանքի անդառնալի կորուստներով եւ մարդկային կեանքը խեղաթիւրող ողբերգութիւններով:
Հայ ժողովուրդի համար երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Մեծ եղեռնէն ընդամէնը երկու տասնամեակ անց կրկին գոյի, արդարութեան, չարի ու բարիի միջեւ մղուող պայքար էր: Կրելով հսկայական կորուստներ՝ մենք տուինք նաեւ քաջ հերոսներ, անհամար խիզախ զինուորներ ու սպաներ, ովքեր պատերազմի բոլոր ճակատներուն կը պայքարէին ոչ միայն յանուն սեփական հայրենիքի, այլեւ յանուն մարդկային քաղաքակրթութեան պահպանման:
Պատմական զուգադիպութեամբ մենք Մայիս 9-ին կը տօնենք նաեւ մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող մէկ այլ իրադարձութիւն: Արցախահայութեան օրրանի՝ Շուշիի ազատագրումը մեր պատմութեան ամենահերոսական եւ փայլուն էջերէն է, որով ի ցոյց կը դրուի հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու, պայքարելու, յաղթելու անկոտրում կամքն ու ոգին:
Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի վեթերանները, ազատամարտիկները, բոլորիս՝ այսքան նշանակալից եւ յաղթական տօնին առիթով: Կը խոնարհիմ մեր սուրբ նահատակներու եւ հերոսներու յիշատակին առջեւ:
Թո՛ղ մայիսեան յաղթանակները զօրավիգ ըլլան մեզի՝ կերտելու ուժեղ ու հզօր, մեր պապերու եւ մեր երեխաներու երազանքներու հայրենիքը»: