Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Ֆիուչըր» Խմբակցութիւնը Կ’աջակցի Սալամէին՝ Քննադատելով Գործադուլները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Ֆիուչըր» շարժման խորհրդարանական խմբակցութիւնը, Երեքշաբթի օր, արտայայտած էր իր աջակցութիւնը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին՝ ընդգծելով, որ գործադուլները չեն կրնար կարգաւորել երկրի վիճակը։

Խմբակցութիւնը, իր հերթական հանդիպումէն ետք հրապարակած յայտարարութեամբ մը նշեց, որ Սալամէ եւ դրամատնային ոլորտը թիրախ կը հանդիսանային «թաքնուած պայքարի մը, որ խեղաթիւրեց փաստերը եւ հասարակութեան կարծիքը դէմ հանեց դրամական ու դրամատնային քաղաքականութեան»։ Հրապարակման մէջ, սակայն, չէր մատնանշուեր, թէ որուն կը վերաբերէր ատիկա։

Մեկնաբանութիւնները սկսան այն պահուն, երբ «Պանք տիւ Լիպան»-ի աշխատակիցներու սենտիքան նոյն օրը յայտարարեց, որ գործադուլը կը դադրեցուի մինչեւ Ուրբաթ:

Նշենք, որ աշխատակիցները գործադուլի դիմած են՝ բողոքելով 2019-ի Պետական ​պիւտճէի նախագիծին մէջ աշխատավարձի կրճատման դէմ, թէեւ դադրեցուցին՝ ստանալով Սալամէի հաւաստիացումները, թէ իրենց իրաւունքները պիտի չկրճատուին:

Կառավարութիւնը պիւտճէի նախագիծը կը քննարկէր նախորդ շաբթուան ընթացքին իրականացուցած իր հերթական նստաշրջաներով, որպէսզի հաստատէ զայն եւ խորհրդարան ուղարկէ վերջնական հաստատման համար:

Խմբակցութիւնը նաեւ նշած էր, որ փողոցները իրենց հսկողութեան տակ առնելով, ճանապարհները փակելով եւ պետական ​​կառոյցները կաթուածահար ընելով կարելի չէ լուծել տնտեսական խնդիրները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին