Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Փըրֆէքթ – Էտ Շիրըն «Perfect- Ed Sheeran» (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի մը Պատմութիւնը – 16 –

2017 թուականի  Սեպտեմբեր 22-ին թողարկուելէն ետք Շիրընի «Perfect» երգը գրաւեց ոչ միայն ամերիկեան եւ բրիտանական  հիթշքերթներու առաջին դիրքերը, այլեւ միլիոնաւոր երաժշտասէրներու սրտերը։ Երգը յուզիչ եւ զգացողութեամբ լի երաժշտական գեղօն է, զոր Շիրըն գրեց ի պատիւ իր սիրելի Չերրի Սիպորնին։

            Երգի նախապատմութիւնը հեղինակը կը պատմէ այսպէս․ «Մենք հիւր էինք իմ ընկեր Ճէյմս Պլանթին՝ Իպիզայի մէջ գտնուող առանձնատունը։ Նախօրէին մեծ խրախճանք մը կազմակերպած էինք՝ բազմաթիւ հիւրերով լի։ Երեկոն երաժշտութեամբ ուղեկցելու համար, չեմ գիտեր ինչու, միացուցած էին հաուս ոճի երաժշտութիւն, զոր ես ուղղակի չեմ կրնար տանիլ։ Ես չէի ուզեր անիկա լսել եւ փորձեցի այլ բան միացնել։ Այլընտրանքս մեծ չէր։ Միացուցի Future խումբի  March Madness երգը, որ որեւէ կապ չունէր ռոմանթիքի հետ, բայց, այնուամենայնիւ մենք բոպիկ կը պարէինք այդ երգի ուղեկցութեամբ՝ իրարու ձուլուած։ Մենք այդ օր այնքան գինովցած էինք, որ մեր շուրջի ամէն ինչը ռոմանթիք ու գեղեցիկ կ’երեւէր»։

            Երգը գրելու ժամանակ Էտ ամբողջութեամբ զայն լեցուցած էր իր ապրումներով եւ զգացողութիւններով։ Անիկա իր եւ Չերիի սիրոյ պատմութիւնն է, ովքեր դասընկերներ եղած են, զիրար ճանչցած են մանկութենէն, բայց սիրահարուած են միայն տարիներ անց, երբ կրկին հանդիպած են Նիւ Եորքի մէջ։

            «Ես երգը գրեցի մէկ գիշերուայ մէջ եւ այնքան վստահ էի, որ ամբողջացուցած եմ զայն, որ մէկ օրով ձայնագրութեան արուեստանոց վարձեցի, գործիքաւորման համար դիմեցի եղբօրս օգնութեան ու ձայնագրեցի զայն»,- կը պատմէ Էտ։

            Երգը գրելու պահուն Էտի նախորդ երկու երգերը՝ «Thinking out loud » եւ  «Shape of you» արդէն մեծ լսարան ունեցող երգեր էին եւ երկար ժամանակ կը գրաւէին ամերիկեան եւ բրիտանական հիթշքերթներու առաջին դիրքերը։ Եւ յատկապէս «Thinking out loud» երգը շատ տպաւորիչ եւ էտը բնորոշող երգ էր։ Ան ամէն ձեւով կը փորձէր  «Perfect» երգը գրել այնպէս , որ ան անպայման գերազանցէ «Thinking out loud»  երգի փառքը։ Ան կը վախնար երգի յաջողութենէն ետք յիշուիլ միայն այս երգով։ «Ես կը հասկնայի, որ նման պարագաներուն, ինչպէս կը պատահի միշտ, երգը կը սկսի բնորոշել երգիչը, ոչ թէ հակառակը։ Ես չէի ուզեր , որ մարդիկ Էտ Շիրըն ըսելու ժամանակ անմիջապէս յիշէին միայն այս երգը եւ վերջ։ Ես կը վախնայի,  որ այս երգը կ’որոշէ իմ յետագայ կեանքս ու երգչային ասպարէզս եւ ամենաշատը կը վախնայի «մէկ երգի արուեստագէտ» ըլլալէն։ «Thinking out loud » երգը զիս շատ բնորոշող երգ է, անիկա ամբողջովին իմ ներքնաշխարհիս մասին է, անոր համար «Perfect» երգը գրելու ժամանակ ես անոր մէջ դրի ինքզինքս ամբողջութեամբ՝ մտքերս, զգացումներս, յոյսերս , ապրումներս, երազանքներս, սէրս․․․ ամէն ինչ։ Այս երգը սիրոյ խոստովանութիւնս է իմ սիրելիիս»,- կը պատմէ Էտ։

            Երգը թողարկուեցաւ 2017 թուականի Սեպտոմբեր 22-ին, իսկ ընդամէնը 3 ամիս անց ձայնագրուեցաւ անոր երկու վերաերգուած տարբերակները Պէյոնսէի եւ Անտրէա Պոչելլիի հետ եւ կոչուեցան «Perfect Duet» (Պէյոնսէի հետ ) եւ «Perfect Symphony» (Պոչելլի հետ )։  Այս երկու նոր տարբերակները սիրուեցան նոյնքան , որքան նախնականը։

            Երգի տեսահոլովակի գաղափարի հեղինակը նոյնպէս Էտն է․ «Ես կ’ուզէի, որ անիկա լեցուած ըլլայ ռոմանթիքով եւ քնքշութեամբ, եւ քանի որ շատ կը սիրեմ Սուրբ ծննդեան տօները, ուզեցի հոլովակն ալ այդ նիւթի շուրջ նկարուի»։

            Էտ Շիրըն այս երգի թողարկումով դարձաւ առաջին մենակատար երաժիշտը, ով մէկ տարի շարունակ իր 3 երգերով մնաց Պիլպորտ Հոթ 100 հիթշքերթի առաջին դիրքերուն։

            Թէեւ երգը դեռ երիտասարդ է, սակայն անիկա անկասկած երկար տարիներ պիտի լսուի եւ շարունակէ լսուիլ՝  սիրուած մնալով միլիոնաւոր մարդոց համար։ Այս եւ նման երգերու երկարակեցութեան գաղտնիքը  երաժիշտի անկեղծութիւնն է ունկդրի առջեւ եւ անոնց իրական ապրումներն ու հոգին երգի մէջ  արտացոլումը։ Ասիկա է, որ կը ստիպէ ունկնդիրը  երգը լսէ կրկին ու կրկին։ Վերապրիլ, երազել, յուսալ, արարել․․․․

            «Փոքրիկս, ես կը պարեմ մթութեան մէջ՝ քեզ գրկած

            ․․․․կը շշնջամ շունչս պահած

            -Թանկագինս, հիասքանչ ես այս գիշեր․․․․» 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին