Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Սպանիոյ ԱԳՆ Պետքարտուղարը Արտայայտուած է Հայաստանի Հետ Վիզային Ռեժիմի Ազատականացման Հարցին Շուրջ Երկխօսութեան Գործընթացի Մեկնարկի Օգտին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, փոխնախագահ Յովհաննէս Իգիթեան, յանձնաժողովի անդամ Արման Բաբաջանեան, ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Սպանիա բարեկամական խումբի ղեկավար Սօս Աւետիսեան Մայիս 7-ին հանդիպած են Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան պետքարտուղար Ֆերնանտօ Վալենսուելայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, ողջունելով հիւրերը` յանձնաժողովի նախագահը խօսած է հայ-Սպանական բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին, կարեւորած երկու պետութիւններու միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը: Կողմերը անդրադարձած են միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններու փոխադարձ համագործակցութեան:

Խօսելով ԵՄ անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման գործընթացի մասին` Ֆերնանտօ Վալենսուելան վստահեցուցած է, որ Սպանիոյ կողմէ փաստաթուղթը եւս շուտով կը վաւերացուի:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման` յանձնաժողովի նախագահը ներկայացուցած է հայկական կողմի դիրքորոշումները, խօսած Արցախի` իբրեւ բանակցային կողմ ներգրաւուելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութեան` ընդգծելով, որ Սպանիան դեռ չէ ճանչցած զայն:

Իբրեւ ԵՄ անդամ երկրի ներկայացուցիչ` Սպանիոյ ԱԳՆ պետքարտուղարը արտայայտուած է Հայաստանի հետ վիզային ռեժիմի ազատականացման հարցի շուրջ երկխօսութեան գործընթացի մեկնարկի օգտին:

Հայ խորհրդարանականները խօսած են շարք մը ոլորտներու մէջ հայ-սպանական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին