«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Պանք տիւ Լիպան»-ի աշխատակիցները, Երեքշաբթի, քանի մը օրով դադրեցուցին գործադուլը՝ 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ առիթ տալով խորհրդածութեան։ Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնեց սենտիքայի ղեկավար Ապպաս Աուատա։
«Գլխաւոր ժողովը դարձեալ պիտի հանդիպի Ուրբաթ առաւօտեան՝ որոշելու յաջորդ քայլերը»,- ըսաւ Աուատա:
«Պանք տիւ Լիպան»-ի աշխատակիցները գործադուլի դիմած են՝ բողոքելով 2019-ի Պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ աշխատավարձի կրճատման դէմ։ Նախագիծը տակաւին կը գտնուի քննարկման փուլի մէջ։
Աուատա նշեց, որ գործադուլը պիտի դադրեցուի, եթէ հանուին պիւտճէի որոշ յօդուածներ, կամ եթէ «Պանք տիւ Լիպան»-ի աշխատակիցները ազատին իրենցմէ, ներառեալ՝ յօդուած 61-ը:
Յօդուածը կոչ կ’ընէ պետական հատուածի աշխատակիցներուն վճարումները սահմանափակել 12 ամսուան փոխհատուցման համարժէքով: «Պանք տիւ Լիպան»-ի աշխատողները ներկայիս կը ստանան 16 ամսուան աշխատավարձի համարժէքով:
«Մենք Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ռիատ Սալամէէն ստացած ենք հաւաստիացում, որ աշխատողներուն իրաւունքները պիտի չազդուին»,- ըսաւ Աուատա:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, Երկուշաբթի յայտարարեց, որ Լիբանանը հեռու է սնանկացումէ, սակայն զգուշացուց, որ «իրական» պիւտճէի ձախողումը, որ կը կրճատէ պակասուրդը, կը համընկնի տնտեսութեան դէմ «ինքնասպանութեան գործողութեան» հետ: