«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, իրականացնելով ՀՀ ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալուն եւ պետութեան հիմքերը ամրապնդելուն, արտաքին սպառնալիքներէն պետութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղուած, օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները, ՀՀ ԱԱԾ արագ արձագանգող ստորաբաժանումներու իրականացուցած լայնածաւալ հետախուզական քայլերուն եւ համալիր քննչական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներու կողմէն կատարուած լրտեսութեան դէպք: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԱԾ-ն։
«Մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետախուզութեան առաջադրանքով Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքէն ներս գործող, ինքնութիւնը դեռ չպարզուած անձը՝ համացանցային եւ նշուած երկրին մէջ տեղի ունեցած անձնական շփումներուն ընթացքին՝ ՀՀ քաղաքացիին ներկայանալով իբրեւ Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հետախուզական գործունէութիւն իրականացնող ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից, համոզած է աշխատանքային առաջընթացի համար անոր տրամադրել ՀՀ տարբեր զօրամասերու, զինուորական սարքերու վերաբերեալ տուեալներ, ներառեալ՝ անոնց լուսանկարները, լուսանկարահանման համար տրամադրած է համապատասխան սարքեր, որմէ ետք՝ ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու անմիջական վերահսկողութեան ներքոյ, ՀՀ նշուած քաղաքացիին միջոցով, օտարերկրեայ հետախուզութեան առաջադրանքով, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան ի վնաս օգտագործելու համար, 2011-2018թթ. ընթացքին հաւաքած է ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ արդէն իսկ մշակուած եւ ՀՀ քաղաքացիի միջոցով տրամադրուած տեղեկութիւնները, որոնք յանձնած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան:
Դէպքին առիթով ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ, ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 302-րդ յօդուածի (լրտեսութիւն) յատկանիշներով, յարուցուած է քրէական գործ, միջոցներ կը ձեռնարկուին նմանատիպ դէպքերը ՀՀ ԱԱԾ անմիջական տեսադաշտին մէջ մշտապէս պահելու եւ նմանատիպ յանցագործութիւններու յետագայ ընթացքը կանխորոշելու համար»,- ըսուած է ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: