«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2019-ի Պետական պիւտճէի նախագիծին վիճահարոյց առաջարկները, որոնք կը վերաբերին պետական աշխատողներու աշխատավարձերու կրճատման, դեռ չեն քննարկուած: Այս մասին, Կիրակի օր, «Լիբանանի ձայնը» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի:
«Մենք տակաւին պիւտճէն անհրաժեշտ չափով չենք քննարկած»,- ըսած է ան, ընդգծելով, որ այսօր կառավարութիւնը կը վերսկսի պիւտճէի ամենօրեայ քննարկումները:
Պետական ոլորտի աշխատողները վերջերս դիմած էին գործադուլի եւ բողոքի ցոյցերու՝ նախատեսուող պիւտճէի խնայողութիւններուն համար, որոնք, ըստ անոնց, կրնան ազդել իրենց աշխատավարձերու նուազման վրայ։
Սակայն, ըստ Հասպանիի, պիւտճէի քննարկումները չեն վերաբերիր պետական աշխատողներու աշխատավարձերու նուազեցման, այլ կապուած են նպաստներու եւ վարձատրութիւններու նուազման հետ:
Պիւտճէի հիմնական նպատակը, ըստ Հասպանիի, նուազեցնելն է պակասորդը, որ ներկայիս կը գնահատուի համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աւելի քան 10 տոկոսի չափով. Նախորդ տարի, Փարիզի մէջ կայացած CEDRE նուիրատուներու խորհրդաժողովին, Լիբանանի կառավարութիւնը խոստացած էր իւրաքանչիւր տարի 1 տոկոսով կրճատել պակասուրդ-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը։
Հասպանի դրամատուներուն եւս կոչ ըրաւ՝ մասնակցելու պակասուրդի կրճատման նախագիծին: