ԹՄՄի Լուրեր
Յայտնի դարձան Թէքէեանական 9-րդ մրցոյթի յաղթողները: Ամենամեայ մրցոյթը կ’իրականացուի «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամին կողմէ, 2010թ-էն ի վեր: Անիկա կ’ընդգրկէ երեք առարկայ՝ ուսողութիւն, անգլերէն լեզու, հայոց լեզու/գրականութիւն, եւ կը խրախուսէ բարձր յառաջդիմութիւնը, կ’ոգեւորէ աշակերտները եւ անոնց հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ դրսեւորելու իրենց գիտելիքներն ու արժանանալու մրցանակներու, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու տարբեր մարզերու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:
Այս տարի եւս մրցոյթին իրենց ուժերը չափեցին Հայաստանի՝ Երեւանի, Գիւմրիի, Ստեփանաւանի, Կարբի գիւղի, եւ Արցախի՝ Բերձորի, Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայ 8-րդ դասարանէն աշակերտներ: Ձեռնարկի մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն էր 85:
Մրցոյթէն ետք, մինչ մասնագիտական յանձնախումբը կ’ամփոփէր արդիւնքները, մասնակիցներուն առաջարկուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մշակութային ծրագիր Թումանեանական տարուան շրջանակէն ներս` «Շունն ու կատուն» ներկայացումը Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ: Ապա ձեռնարկը կրկին տեղափոխուեցաւ Թէքէեան Կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, եւ յայտարարուեցան յաղթող աշակերտներուն անունները: Սակայն պէտք է նշել, որ չկային պարտուողներ, քանի որ բոլոր մասնակիցներուն՝ ԹԿՀ-ի կողմէ տրուեցան խրախուսական մրցանակներ՝ Յ. Թումանեանի բանաստեղծութիւններու եւ քառեակներու ժողովածուներ եւ այլն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին ՀՀ ԿԳՆ սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետ Անահիտ Դաւթեանը, «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեանը /Լոնտոն/, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ այլք:
Ձեռնարկը մեկնարկեց երգ ու պարով, ասմունքով՝ մասնակից դպրոցներու աշակերտներու կատարմամբ: Ապա հիւրերն ու մրցոյթի մասնակիցները ողջունեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը: Շնորհաւորելով յաղթողները, ան կարեւորեց իրականացումը նմանատիպ ծրագրերու, որոնք կը նպաստեն հայ դպրութեան ու նոր սերունդի դաստիարակութեան: Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնագիտական յանձնախումբին ծաւալուն եւ անկողմնակալ աշխատանքին համար:
Մրցոյթի յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմէին «Ուսմունք» վարժարանի փոխտնօրէն Ա. Աւետիսեանը /հայոց լեզու եւ գրականութիւն/, ԵՊՀ դասախօս Ա. Մարգարեանը /անգլերէն լեզու/ եւ Մ. Գալշոյեանի անուան թիւ 148 դպրոցի փոխտնօրէն Ա. Գէորգեանը /ուսողութիւն/, մասնագիտական կարծիք արտայայտեց եւ գովասանագրեր, պատուոգրեր եւ մրցանակներ՝ գիրքեր եւ այլ նուէրներ յանձնեց բարձր յառաջադիմութիւն դրսեւորած աշակերտներուն:
Թէքէեանական 9-րդ մրցոյթին առաջին մրցանակի՝ եռօրեայ ուղեւորութիւն դէպի Արցախ եւ Հայաստան երկու անձի համար, արժանացան`
«Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» – Արմանուշ Մարգարեան /Բերձոր/
«Ուսողութիւն» – Աշխէն Շահպազեան /Երեւան/
«Անգլերէն լեզու» – Սագօ Պազարճեան /Սուրիա/