«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի հարաւային ջուրերուն մէջ վառելիքի արտահոսքի աղբիւրը դեռ առեղծուած է, մինչ Ուժանիւթի նախարարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարած է, որ «Լիբանանի ելեկտրական» ընկերութիւնը «պատասխանատու չէ» եղածին համար:
Արտահոսքը մինչ օրս աղտոտած է ջուրերը եւ հասած մինչեւ Chouf-ի Ժիյյէ ելեկտրակայանի մօտ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծովափը: Լրատուամիջոցներուն հաղորդած տեղեկութիւններով՝ աղտոտած գոյացութիւնը հասած է մօտ 300 մեթր խորութեան:
Ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի յայտարարած է, թէ նախարարութեան քարիւղի տարրալուծարանը հաստատած է, որ նշեալ վառելիքի նմուշները չեն համապատասխաներ «Լիբանանի ելեկտրական» ընկերութեան կողմէ օգտագործուող վառելիքի տեսակին։
Ուժանիւթի նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ ո՛չ Ժիյյէ ելեկտրակայանը, ո՛չ ալ վերջերս ելեկտրակայանին վառելանիւթ փոխանցած նաւը պատասխանատու են արտահոսքին համար:
Ե՛ւ «Լիբանանի ելեկտրական» ընկերութիւնը ե՛ւ Karpowership-ը, որ Լիբանանի մէջ գործադրուող ուժանիւթի երկու նաւերը աշխատցնող ընկերութիւնն է, հերքած են միջադէպին համար որեւէ պատասխանատւութիւն:
«Մեր պարտականութիւնն էր պարզել, թէ մենք պատասխանատո՞ւ ենք այդ արտահոսքին համար, պարզուեցաւ, որ չենք: «Լիբանանի ելեկտրական» ընկերութիւնը պարտաւոր չէ պարզելու, թէ ով է նշեալ դէպքին պատասխանատուն ըսած է «Լիբանանի ելեկտրական» ընկերութեան աղբիւրը:
Իր հերթին, Karpowership-ը հրաժարած է այլ մեկնաբանութիւններ տալէ: