«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան կազմակերպութիւններու ղեկավարները՝ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփի գլխաւորութեամբ:
Վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը եւ բարձր գնահատած մեր երկրի մէջ համատեղ իրականացուող ծրագրերը: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը նախաձեռնած է յաւակնոտ բարեփոխումներու օրակարգ եւ անհրաժեշտ է վերջինիս ու ՄԱԿ-ի կառոյցներու ծրագրերուն համադրումը՝ յառաջիկային նախատեսուող միջոցառումները առաւել արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու նպատակով:
Շոմպի Շարփ ողջունած է ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը՝ աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ը իր կառոյցներով պատրաստ է շարունակել սերտօրէն համագործակցիլ հայ գործընկերներուն հետ՝ նախատեսուող միջոցառումներն ու բարեփոխումները զարգացնելու նպատակով:
ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի, ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի, ՄԱԿ-ի արդիւնաբերութեան զարգացման կազմակերպութեան, Պարէնի ու գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան գրասենեակի ղեկավարը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր ղեկավարը, ՄԱԿ-ի համաշխարհային հաղորդակցութեան վարչութեան գրասենեակի ղեկավարը, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ազգային համակարգողը, ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի գրասենեակի համագործակցութեան գծով խորհրդական եւ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան եւ զարգացման գծով խորհրդականը վարչապետին մանրամասներ ներկայացուցած են իրենց գործունէութեան, ՀՀ կառավարութեան տարբեր մարմիններուն հետ փոխգործակցութեան վերաբերեալ:
Ապա զրուցակիցները քննարկած են պետական կառավարման համակարգի արդիականացման, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, ենթակառուցուածքներու, տարածքային համաչափ զարգացման եւ այլ ոլորտներէն ներս համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: