«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա, Հինգշաբթի յայտարարած է, որ իսրայէլական որեւէ ուժ, որ կը փորձէ ներխուժել Հարաւային Լիբանան, պիտի ոչնչացուի:
«Մենք կը թարմացնենք դիմադրութեան խոստումը, ըստ որուն իսրայէլական գումարտակները եւ մեքենաները, որոնք կը մտածեն Լիբանանի հարաւային տարածք մտնելու մասին, պիտի կործանուին»,- ըսած է սէյիտ Հասան Նասրալլա:
Նասրալլա ելոյթ ունենալով Հըզպալլայի հրամանատար Մուսթաֆա Պէտրըտինի մահուան յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին՝ վերահաստատած է, որ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ մղուող որեւէ պատերազմ «հոգեբանական, քաղաքական եւ դիւանագիտական պատերազմ է՝ ճնշելու Լիբանանի պետութիւնը եւ պաշտօնեաները»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ անդրադարձած է առաջադիմական սոցիալիստական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթի այն յայտարարութեան, ըստ որուն Շըպաայի հողատարածքները լիբանանեան չեն:
«Լիբանանի պետութիւնը կ՝ըսէ, որ Շըպաայի հողատարածքները լիբանանեան են, եւ ասիկա կը նշուի կառավարութիւններու քաղաքական յայտարարութիւններուն մէջ»,- ընդգծած է Նասրալլա: