ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ո՞վ ըսած է, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ։ Պարզուեցաւ, թէ կայ եւ ան կը կոչուի Գուրգէն Պերքսանլար։ Շուրջ քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք մեր լաւ ընկերն ու բարեկամը. ընկեր կը նշանակէ հացակից, սեղանակից, իսկ բարեկամ՝ բարին կամեցող։ Որքա՜ն իմաստ կայ հասարակ թուացող այս երկու բառերուն մէջ եւ նոյն ատեն որքան մեծ են անոնք, մանաւանդ երբ կը կորսնցնես զանոնք։ Գուրգէն Պերքսանլար կանուխ, շատ կանուխ հեռացաւ մեզմէ։ Ան միայն 64 տարեկան էր, որ ամբողջութեամբ նուիրեց իր շրջապատին, հարազատներուն եւ ընտանիքին՝ դառնալով տիպար ամուսին, գուրգուրալի հայր, անխառն հայրենասէր եւ նուիրեալ անդամ իր պատկանած կազմակերպութիւններուն։
Ըլլալով պոլսահայ, անոր անմնացորդ ծառայութիւնը Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան նշանակալի դեր խաղաց Միութեան ծաղկման եւ աճման մէջ։
Իսկ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու համախմբումը եղաւ այն հարթակը, ուր ան գտաւ իր «երկրորդ տունը». Ազգային տուն մը, որուն միջոցով արդարութեան իր ձայնը բարձրացուց իր համախոհ ընկերներուն հետ՝ ներկայացնելով հայ ժողովուրդին արդար դատը, հողային պահանջքները, ազգային ցաւերը, կրթական ու մշակութային արժէքներու պահպանումը, հայախօսութեան կարեւորութիւնը եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայուն հայ մնալու, հայօրէն ապրելու պայքարը։
Այո, Գուրգէն Պերքսանլար եղաւ Ասպետներուն այն սիւներէն, որոնք արդէն տասնհինգ տարի եւ աւելի՛, արթուն կը պահեն լոսանճելըսահայ համայնքը իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ։
Ասպետներու վարչութեան ատենապետ Պրն. Հերրի Սինանեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ այսպէս արտայայտուած էր բոլորիս սիրելի Գուրգէն Պերքսանլարին մասին. «Գուրգէն հանդիսացած էր Ասպետներու համախմբումի հիմնադիրներէն մէկը 2002 թուականին։ Ան իր ծառայութիւնը բերած էր երկու շրջան վարելով ատենապետութիւնը, բերելով դրական փոփոխութիւններ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքէն, հայ համայնքէն, Սփիւռքէն ներս։ Ասպետներու շարժումէն ներս ան բերած էր իր հսկայական նպաստը։ Սգալով կորուստը մեծ ղեկավարի մը եւ հեռատես մտածողի մը, պիտի յիշենք Գուրգէնը որպէս մղիչ ուժ, որ շահած էր յարգանքը իր շրջապատին։ Կը յիշեմ Գուրգէնը, որ կը մասնակցէր Ասպետներու ժողովներուն նոյնիսկ իր անհանգիստ օրերուն, պայքարելով յանուն իր առողջութեան։ Ան ունէր հսկայական կիրք եւ նուիրում՝ մղելու մեզ յանուն հայ համայնքին, ամրօրէն հաւատալով երիտասարդութեան կրթութեան դերին եւ կամաւոր աշխատանքին»։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու վարչութեան եւ համայն Ասպետուհիներուն եւ Ասպետներուն կողմէ անգամ մը եւս մեր վշտակցութիւնները կը յայտնենք մեր սիրելի ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն՝ Թալինին, Նիքոլին եւ Նշանին, կիսելով անոնց խորունկ ցաւը։ Թող խնդիրները լուծելու Գուրգէնին դրական մտածելակերպը, մշտաժպիտ դիմագիծը, դիմացինը բարձրօրէն գնահատող եւ ուղղամտութիւն յորդորող ոգին թեւածէ իրեն ծանօթ ու անծանօթ բոլոր բարի սիրտերէն ներս։ Գուրգէն համակ սէր էր, որ տուաւ ամբողջականօրէն, սրտանց ու հաւատքով։
Անոր բարի յիշատակը թող միշտ մնայ անմար։
ՀԲԸՄ-Ի ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Լոս Անճելըս