«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճափոնի վարչապետ Սինցօ Ապէ յայտարարած Է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հետ առանց նախապայմաններու հանդիպում կազմակերպելու ցանկութեան մասին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը: «Կը ցանկայի փորձել Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան նախագահ Քիմ Չեն Ընի հետ հանդիպում ունենալ առանց պայմաններու եւ անմիջական սրտաբաց բանակցութիւններ իրականացնել»,- ըսած Է վարչապետը «Սանքէյ» թերթին տուած հարցազրոյցին:
Ան նշած Է, որ հանդիպումը կարեւոր կ’ըլլար Ճափոնի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ առկայ անվստահութիւնը յաղթահարելու տեսակէտէն:
Միեւնոյն ժամանակ Ապէ յիշատակած Է խնդիրը այն ճափոնացիներու, որոնք աւելի վաղ առեւանգուած են Հիւսիսային Քորէայի յատուկ ծառայութիւններու կողմէն: Ան յիշեցուցած Է, որ 2000-ական թուականներուն Հիւսիսային Քորէայէն հինգ ճափոնցիներու հայրենիք վերադառնալէն ետք առեւանգուածներու խնդիրի լուծման առումով յետագայ յառաջընթաց չի դիտուիր:
Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Հիւսիսային Քորէան առեւանգած Է Ճափոնի 17 քաղաքացիներ: Անոնցմէ միայն հինգը երկիր վերադարձած է 2002 թուականին: Ինչպէս յայտարարած են Փենիանի մէջ, մնացած ութ հոգին մահացած են, իսկ չորսը երբեք մուտք չեն գործած Հիւսիսային Քորէա: Սակայն Ճափոնը մահուան ապացոյցները համոզիչ չի համարեր եւ կը շարունակԷ պահանջել բոլոր պատանդներու յանձնումը, հաղորդած Է «Ինթերֆաքս»-ը: