ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 12-ը յիշողութեան մէջ պիտի մնայ ՀԲԸՄ-ի հարաւային Քալիֆորնիոյ զոյգ վարժարաններու՝ Մանուկեան-Տեմիրճեան (Քանոկա Փարք) եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան (Փասատինա) աւելի քան հազար աշակերտութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմերուն համար։ Այդ օր Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը (ՄՏՎ) հիւրընկալած էր քոյր հաստատութիւնը, որպէսզի միասնաբար տօնախմբեն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 113-րդ տարեդարձը՝ Հիմնադիրներու օրը։
Ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեան, ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձական խորհուրդի անդամներ Պրն. Սինան Սինանեան եւ Բժիշկ Էրիք Իսրայէլեան, Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Տիկ. Լորի Մունչէրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեան, Կլենտէյլ-Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի զոյգ մասնաճիւղերու, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի եւ զոյգ վարժարաններու Հոգաբարձական կազմերու ատենապետներ եւ ներկայացուցիչներ:
Առաւօտեան ժամը 11։00-ին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի զոյգ մասնաճիւղերու սկաուտներուն կողմէ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը օրուան տօնակատարութիւններուն։ Հանդիսավարն էր ՀԲԸՄ-ՄՏՎ-ի տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան, որ իր յաւուր պատշաճի բացման խօսքին մէջ յիշելով անցեալի հիմնադիրներուն եւ նախագահներուն բարի գործը, շեշտը դրաւ ներկային վրայ։ Այդ օր աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը բաժնուած էր չորս տարբեր գոյներու, իւրաքանչիւրը կրելով ՀԲԸՄ-ի տառերէն մէկը։ Եւ այսպէս՝ կարմիր, ճերմակ, մոխրագոյն եւ կապոյտ գոյներն էին, որոնք յաջորդ ժամերուն պիտի մրցէին իրարու դէմ պասքեթպոլի, վիլիպոլի եւ սաքըրի մրցումներուն ընթացքին, իսկ յաղթականը մէկն էր՝ ՀԲԸՄ-ը:
Հանդիսութեան որպէս նշանաբան ընտրուած էր՝ «Երախտագիտութիւն, Ներշնչում, Հզօրացում» կարգախօսը։ Իւրաքանչիւր դպրոցէ երկուքական աշակերտներ եւ մէկական շրջանաւարտներ (Օրդ. Անայիս Աւանէսեան եւ Պրն. Մարք Պալեան) կարճ, սակայն բովանդակալից ելոյթներ ունեցան։ Ապա, խօսք առին Բժ. Էրիք Իսրայէլեան եւ Տիկ. Թալին Եագուպեան, վեր առնելով ՀԲԸՄ-ի աւելի քան մէկդարեայ հայանպաստ ու հայրենաշէն գործունէութիւնը։
ՀԲԸՄ-ի բոլոր ղեկավարները բարձրանալով բեմ, անոնք ամենափոքրիկ աշակերտներուն ձեռամբ ստացան մեխակներ, որոնք քիչ ետք պիտի զետեղէին Ապրիլեան Ծիծեռնակաբերդի «անմար կրակ»ին շուրջ։
Արդարեւ, օրը ըլլալով նախատօնական՝ Ս. Զատկուան արձակուրդին առթիւ եւ Ապրիլ 24-էն ետք վերադառնալուն պատճառով, երկու վարժարաններու տնօրէնութիւնները յարմար նկատած էին այդ օր յիշել նաեւ մէկուկէս միլիոն մեր սրբադասուած նահատակները։ Նազարեան սրահէն դուրս գալով, սկաուտներու առաջնորդութեամբ, բոլոր ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին շուրջ, որմէ ետք կատարուեցաւ աղօթք։ Ապրիլեան պատգամը փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան եւ Քահանայ հայրերը։
Օրուան երկրորդ կէսը անցաւ մարզական խաղերու խանդավառ մթնոլորտին տակ, հայերէն ճոխ երգ-երաժշտութեան ուղեկցութեամբ։
Ժամը 2։00-ին տեղի ունեցաւ փակման արարողութիւնը դպրոցի բակին մէջ հանդիսավարութեամբ Պրն. Լեւոն Քէշիշեանի։ Հիւրընկալ եւ հիւր դպրոցներուն աշակերտութեան կողմէ շնորհակալական խօսքերէ ետք, տնօրէններ Տիկ. Արփի Աւանէսեան եւ Պր. Մայքլ Փրէթ, ՀԲԸՄ-ՄՏՎ փոխտնօրէն Տիկ. Անահիտ Նալպանտեան եւ Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցի տնօրէն Տիկ. Թագուշ Խոդաբախշեան 113 կարմիր-ճերմակ-կապոյտ փուչիկներ երկինք արձակեցին, որուն յաջորդեց «Ցտեսութիւն» երգը եւ «Միասնութեան շուրջպար»ը։ Աշակերտութիւնը օղակներ կազմած, ձեռք-ձեռքի «Ցտեսութիւն» երգեցին եւ շուրջպարով փակեցին յիշարժան այդ օրը։ Խանդավառութիւնը, ազգային երգն ու պարը ոգեւորիչ էին, իսկ յոգնութեան նշանները՝ արհամարհելի։
Այստեղ հարկ է նշել, թէ Մարի Մանուկեան նախակրթարանի աշակերտները նոյն առտուն Աղաճանեան սրահին մէջ ալ նշեցին Միութեան տարեդարձը հանդիսութեամբ մը, իսկ դասարաններուն մէջ ձեռային տարբեր աշխատանքներ կատարեցին նուիրուած ՀԲԸՄ-ին եւ խաղեր խաղացին, երբ Միջնակարգի եւ Երկրորդականի աշակերտները կը մրցէին բակը եւ մարզասրահին մէջ։ Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցը նոյնպէս մասնակցեցաւ ՀԲԸՄ-ի տօնակատարութեան, դասարանային ծրագիրներով եւ փակման արարողութամբ: Բոլոր ներկաները վայելեցին նաեւ դպրոցի ճաշարանին պատառները՝ ճաշի դադարին ընթացքին։
Իր տեսակին մէջ եզակի օր մըն էր, որ յառաջիկային կարելի է կրկնել եւ զարգացնել։ Շնորհակալութեան հսկայ բաժին մը զոյգ դպրոցներէն կազմուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք տարին գործակցութեան օրինակելի աշխատանք։ Յատուկ շնորհակալութիւն Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին, որ ինչպէս տասնամեակներ առաջ հայկական տարբեր վարժարաններ կը հրաւիրուէին Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոց, ան այդ գաղափարը ներարկեց ՀԲԸՄ-ի երկու դպրոցներու ղեկավարութիւններուն մէջ եւ յաջողութիւնը ակնյայտ էր։ Շնորհակալութիւն Հայերէնի բաժանմունքներու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասը ունեցաւ այդ յաջողութեան մէջ։
Բարի տարեդա՛րձ ՀԲԸՄ։
Հ.Ս.