«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գուրգէն Եանիկեանի մասունքները փոխադրուեցան Երեւան եւ պիտի թաղուին Եռաբլուրի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Գրող եւ ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիկեան ծնած է 1895-ին, Էրզրում: Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Եանիկեան 27 Յունուար 1973-ին՝ 78 տարեկանին, Սանթա Պարպարայի մէջ գնդակահարեց Թուրքիոյ հիւպատոսը եւ անոր օգնականը, ապա ինքնակամ ներկայացաւ ոստիկանութեան եւ դատարանին մէջ խիզախօրէն պաշտպանեց հայոց ոտնահարուած իրաւունքները:
Եանիկեան 2 Յունիս 1973-ին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Ան մահացաւ 27 Փետրուար 1984-ին: