Գաւառը Լուսարձակի Տակ – 19 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
«Ազգային Պոլիտեխնիկական Համալսարան»-ի Վանաձորի Մասնաճիւղի դասախօս, բնագիտութեան-ուսուղութեան գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Ռաֆիկ Տալլաքեան, լրագրողի հարցին պատասխանելով յայտնած է, թէ մտավախութիւն ունի, որ քանի մը տարի ետ կրթական մարզի մէջ արական սեռի մասնագէտներ գոյութիւն չունենան, քանի որ ուսուցչի աշխատավարձոը բաւարար չէ: Ան նկատել տուած է, որ յատկապէս մարզերու մէջ նոյն առարկայի դասաւանդումը աւելի քիչ կը վարձատրուի քան Երեւանի մէջ: Այդ պատճառով ալ դասատուները այլեւս ձգտում չունին մասնագիտութիւնը խորացնելու եւ բարձր որակաւորում ստանալու առումով:
Երկար տարիներու աշխատանքային փորձ ունեցող դասախօսը ցաւով նշած է, որ ինչպէս Լոռիի մարզի, նոյնպէս ալ հանրապետութեան մէջ լուրջ խնդիր է բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան մասնագէտներ պատրաստելու հարցը, քանի որ տարուէ տարի կը նուազի այդ ճիւղերով հետաքրքրուողներուն թիւը։ Քննութիւններու շրջանին Վանաձորի աւարտական դասարաններու աշակերտները կը ջանան բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան առարկաներէն քննութիւն չյանձնել: Վախ կայ, որ մարզը քանի մը տարի ետք կը մնայ առանց մասնագէտի, բայց քանի որ պատերազմող երկիր ենք, այդ երկու մասնագիտութիւնները կարեւոր են մեր երկրի համար: Բայց յարգարժան դասախօսը չ’անդրադառնար, որ քիմիագիտութիւնը ի սպառ վերացած է հանրապետութեան մէջ, քանի որ երբեմնի հզօր քիմիական արդիւնաբերութիւնը այսօր զէրոյի հաւասարեցուած է: Բնագիտութիւնն ալ բաւական բարդ բնագաւառ է, հետեւաբար ժամանակակից ուսանողը կը ձգտի հետեւիլ ընկերային գիտութիւններու, որոնք աւելի հեշտ են: