Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պիւտճէի Մանրամասն Քննարկումները Կը Սկսին Այսօր. Խալիլ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ մանրամասն քննարկումները կը  սկսին այս շաբաթ եւ կ’աւարտին կառավարութեան կողմէ պիւտճէի հաստատումով: Այս մասին, Երեքշաբթի, յայտարարեց Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Կառավարութեան առաջին նիստին աւարտէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Խալիլ ըսաւ, որ Երեքշաբթի օրուան բանակցութիւնները կեդրոնացած էին պիւտճէի ընդհանուր նախագիծին վրայ: Անոր տեղեկութիւններով՝ մանրամասն քննարկումները կը սկսին այսօր՝  Չորեքշաբթի, «Կրէնտ Սերայլ»-ի մէջ կայացած հանդիպման մը ժամանակ եւ կը շարունակուին ամբողջ շաբթուան ընթացքին:

«Ես լաւատես եմ, որ պիւտճէն արագ պիտի հաստատուի»,- ըսաւ Խալիլ:

Նիստին սկիզբը, նախագահ Միշէլ Աուն յայտարարեց, որ խորհրդարանը 2019 թուականի պետական ​պիւտճէի նախագիծը պէտք է հաստատէ մինչեւ Մայիսի վերջը:

Խալիլ, վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած էր վերանայուած պիւտճէին նախագիծը, որ կը կրճատէ բոլոր նախարարութիւններուն ծախսերը եւ կը տրամադրէ ֆինանսաւորման այլ կրճատումներ` երկրի պակասուրդը խաթարելու համար: Անցեալ տարուան պակասուրդը գնահատուած է 6,7 միլիառ տոլար, կամ ՀՆԱ-ի (համախառն ներքին արդիւնք) 11 տոկոսը, թէեւ վերջնական ցուցանիշները չեն հրապարակուած:

Ան ըսած էր, որ եթէ պիւտճէի համար առաջարկուած խնայողութիւններու միջոցները յաջողութեամբ ապացուցեն, 2019-ին պակասուրդի եւ ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը կրնայ կրճատուիլ 2,5 տոկոսով:

2018-ի ՍԵՏՐ խորհրդաժողովին ընթացքին՝ Լիբանանի հիմնական խոստումներէն մէկը եղած է հինգ տարիներու ընթացքին, տարեկան կտրուածքով, պակասուրդ-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը նուազեցնել 1 տոկոսով: Սակայն առաջարկուող տարբերակները ցոյց տուած են, որ անոնք հակասական են:

Երեքշաբթի օր, «Ալ Ժումհուրիա» թերթը հրապարակած էր Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի այն պարզաբանումը, թէ պիւտճէի քննարկումները կարգաւորուած են:

«Պիւտճէի նախագիծը ո՛չ «Քուրա՛ն»ն է, ոչ ալ Աստուածաշունչը: Եթէ ​​անիկա հաւանութեան արժանանայ՝ լաւ է … եւ եթէ պահանջուին աւելի լաւ փոփոխութիւններ, ուրեմն թող ըլլան այդպէս»,- ըսած է Պըրրի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին