«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զինուած ուժերու եւ անվտանգութեան հանգստեան կոչուած աշխատակիցները, Երեքշաբթի օր, արգելափակեցին Կեդրոնական Դրամատան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի մուտքերը, իբրեւ նախազգուշական գործադուլ 2019-ի Պետական պիւտճէի դէմ, որ կրնայ ազդել իրենց կենսաթոշակային աշխատավարձին կամ նպաստներուն վրայ:
Ցուցարարները զգուշացուցին, որ յետագայ բողոքի ցոյցերով պիտի արգելափակեն մուտքերը բոլոր այն տարածքներուն, որոնք շահոյթ կ’ապահովեն պետութեան: Կեդրոնական Դրամատան ցուցարարները, այնուհետեւ, շարժեցան դէպի Կեդրոնական Պէյրութ՝ հաւաքուելով Ռիատ ալ Սոլհի մօտ, ուրկէ երթը շարունակեցին դէպի Ելեւմտական նախարարութեան շէնք:
Անոնց հասնելէն անմիջապէս ետք` Tweeter-ի իր էջին վրայ Խալիլ գրած էր, թէ պիւտճէի առաջարկները տարբեր կուսակցութիւններու միջեւ քննարկումներու արդիւնք են, որոնք ենթակայ են փոփոխութեան:
«Վեթերանները պէտք է գիտնան, որ իրենց իրաւունքները ոտնահարուած չեն, եւ առաջարկները կը կայանան կենսաթոշակ նշանակելու, անոր շարունակականութեան ապահովման համար», աւելցուցած է ան։