«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ռուսիան հանդէս կու գայ «բոլորին՝ բոլորի հետ» սկզբունքով գերիներու փոխանակման օգտին՝ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ վստահութեան հաստատման համար: Այդ մասին, ինչպէս հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը, Ապրիլ 30-ին Մոսկուայի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած Է ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով, այս մասին կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը:
«Մենք միշտ ալ բոլոր պարագաներուն հանդէս կու գանք նման իրավիճակներու սպառիչ մարդասիրական լուծման օգտին, ներառեալ աճիւններու փոխանակումը, ռազմագերիներու, պահուող անձերու փոխանակումը «բոլորին՝ բոլորի հետ» սկզբունքով,-նշած Է ՌԴ դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը:-Եւ մենք կը գտնենք, որ անիկա պիտի նպաստէ հակամարտութեան գօտիներէն ներս վստահութեան մթնոլորտի հաստատման՝ ըլլայ անիկա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ըլլայ անիկա Ուքրանիայի հարաւ-արեւելքին մէջ»: Նախարարը յիշեցուցած Է, որ այդ սկզբունքնը դրուած է նաեւ Ուքրանիայի հակամարտութեան կարգաւորման Մինսկի համաձայնութիւններու պարագային։