«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչումը Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեան հերթական յաղթանակին արդիւնքն է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան՝ ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով, բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած եղած են այս աշխատանքներուն մէջ:
«Կատարուած է համապատասխան, հետեւողական աշխատանք, եւ շատ կարեւոր է, որ մենք հասանք այս յաղթանակին: Ի դէպ, խորհրդանշական է, որ ատիկա տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ին: Ցեղասպան քաղաքականութեան լաւագոյն պատասխանը ա՛յս է, որ Արցախը ճանչցուի միջազգային հանրութեան, քաղաքակիրթ երկիրներու կողմէ: Ասիկա մեզի համար մեծ յաղթանակ է: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք այս աշխատանքին մէջ ընդգրկուած եղած են, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քոլորատօ նահանգի եղբայրական բնակչութեան, պատգամաւորներուն: Ասիկա իրօք մեծ յաղթանակ է, եւ պարտաւորեցնող, որ շարունակենք այս քաղաքականութիւնը: Կը կարծեմ՝ պիտի ըլլան այլ յաղթանակներ: Մենք պէտք է բան մը յստակ գիտնանք, եթէ համախմբուած ենք, ճիշդ աշխատանք կը տանինք, ուստի ամէն ինչ հնարաւոր է»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ճանաչումէն ետք ինչպիսի հեռանկարներ պիտի ըլլան Քոլորատօ նահանգի հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս, Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ առաջին հերթին կը պատկերացնեն մարդասիրական ոլորտէ ներս:
«Քոլորատոն հետաքրքրական իւրայատուկ կազմաւորում է եւ մենք կը տեսնենք փոխգործակցութեան խոստմնալից հեռանկարներ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը, Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունած է, ուր առանձին կէտով ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը։