«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ֆրանսայի նախագահի գրառման մէջ նշուած է.
«Ապրիլ 24-ին մենք պաշտօնապէս կ՝ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որպէսզի յիշենք, որ մարդը ընդունակ է վատագոյնին, երբ կը մոռնայ, թէ ինչը զինք կը կապէ իր հարեւանի հետ, եւ որպէսզի հետեւողական ըլլանք, որ պատմութիւնը չկրկնէ անոր սխալները»: