Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

2018-ին 1675 Քաղաքացիներ Վերադարձած Են Հայաստան

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի գաղթականական ծառայութեան «Մէկ պատուհան» ծառայութեան պատասխանատու Անահիտ Չօբանեան Ապրիլ 22-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց, որ 2018-ին, Հայաստան վերադարձած եւ վերահաստատուելու համար պետական աջակցութեան դիմած են 1675  քաղաքացիներ:

Վերադարձողներէն 278 անձեր պարտադրաբար եկած են հայրենիք, իսկ 1397-ը՝ կամաւոր: Ամէնէն բարձր ցուցանիշը արձանագրուած է Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Հոլանտայէն:

2018-ին՝ 2006-էն ի վեր առաջին անգամն ըլլալով, Հայաստան աւելի շատ անձեր ժամանած են, քան մեկնած երկրէն:

Հայաստան ժամանածներուն թիւը 20,713-ով աւելի եղած է մեկնածներու թիւէն: 2017-ին 25,932-ով աւելի շատ մեկնած էին, քան ժամանած:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22-ին, «Վերադարձ, յետ-ընդունում  եւ վերաինտեգրում» խորագիրով քննարկման ընթացքին Հայաստանի գաղթականական ծառայութեան վերադարձի եւ վերահաստատման բաժինի պետ Հայկանոյշ Չօբանեան նաեւ տեղեկացուց, որ «ԵՄ երկիրներէն ամենաշատ հայցը ստացած են Գերմանիայէն՝ 684 հատ, ուր նշուած անձերուն թիւը կազմած է 1402: Յաջորդ ամենաշատ հայց ուղարկած երկիրը Ֆրանսան է՝ 100 հայց, երրորդը Հոլանտան՝ 56 հայց: Գերմանիայէն կը ստանանք հայցեր այն անձերու մասին, որոնք շատ երկար ժամանակ ապրած են այնտեղ, մօտ 15-20 տարի, սակայն չունին այնտեղ ապրելու իրաւական հիմքեր:

Ըստ Չօբանեանի՝ այդ վիճակագրութիւնը չի փաստեր Հայաստան վերադարձի մասին, անոնք ուղղակի քաղաքացիութեան հաստատումներ են, սակայն այդքան մարդ Հայաստան չէ վերադարձած:

2019-ի առաջին եռամսեակին Հայաստան ստացած է յետ-ընդունման 250 դիմումներ, որոնցմէ 164-ը՝ Գերմանիայէն:

«Ընթացիկ տարուան վիճակագրական տուեալները նայելով պարզ կը դառնայ, որ նախորդ տարուան միտումները կը պահպանուին: Ամենաշատ յետ-ընդունման հայցեր ստացուած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութենէն՝ 164 հատ: Երկրորդ տեղում է Ֆրանսան՝ 29 հայց, իսկ երրորդը՝ Աւստրիան՝ 16 հայց», նշեց Չօբանեան՝ աւելցնելով, որ ընդհանուր առմամբ ԵՄ եւ ԵԱՏՄ երկիրներէ ստացուած են 250 յետ-ընդունման հայցեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին