24 Ապրիլ 1915՝ Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան հայ ժողովուրդի թիւով մօտ 235 մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ, ինչով սկիզբ դրուեցաւ 1915-1923 թթ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Մեծ եղեռն (անգլ.՝ Armenian Genocide, ֆր.՝ Génocide arménien), Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ղեկին կանգնած երիտթրքական «Իթթիհաթ վէ թերաքի» կուսակցութեան կողմէն կազմակերպուած ցեղասպանութիւն, որուն հետեւանքով 1915-1923 թուականներուն զանգուածային տեղահանութեան ենթարկուած եւ բնաջնջուած են Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու, ներառեալ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութիւնը։ Պայմանականօրէն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր կը համարուի 1915 թուականի Ապրիլ 24-ը, երբ Կոստանդնուպոլսի մէջ ըստ նախապէս պատրաստուած ցուցակներու ձերբակալուեցան մօտ 235 հայ մտաւորական (հայ գործիչներու ձերբակալութիւնները Կոստանդնուպոլսի մէջ շարունակուեցան նաեւ Ապրիլ 24-էն ետք)։
Լայն իմաստով Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ներառէ 1894-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէն ծրագրուած ու հայ ժողովուրդի դէմ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանական քայլերը, հայրենազրկումը, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածները, էթնիկական զտումները, հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ժխտումը, պատասխանատւութենէն խուսափելու, կատարուած յանցագործութիւններն ու անոնց հետեւանքները լռութեան մատնելու կամ արդարացնելու բոլոր փորձերը՝ որպէս յանցագործութեան շարունակութիւն եւ նոր ցեղասպանութիւններ իրականացնելու խրախուսանք:
Հայերու ցեղասպանութիւնը կ’իրականացուէր մի քանի փուլերով՝ հայ զինուորներու զինաթափում, հայերու ընտրողական տեղահանութիւն սահմանամերձ շրջաններէն, Տեղահանութեան մասին օրէնքի ընդունում, հայերու զանգուածային տեղահանութիւն ու սպանութիւն։ Որոշ պատմաբաններ ցեղասպանական գործողութիւններ եւ, անկէ մեկնած, Հայոց ցեղասպանութեան մաս կը համարեն 1890-ական թուականներու Համիտեան կոտորածները, Զմիւռնիայի ջարդերը եւ թրքական զօրքերու գործողութիւնները Անդրկովկասի մէջ 1918 թուականին։
Ցեղասպանութեան հիմնական կազմակերպիչներն են երիտթուրքերու առաջնորդներ Թալէաթը, Ճեմալը եւ Էնվէրը, ինչպէս նաեւ «Յատուկ կազմակերպութեան» ղեկավար Պեհաէտտին Շաքիրը։ Հայերու ցեղասպանութեան զուգահեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի կ’ունենային ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ջարդերը։
Հայկական աւանդական Սփիւռքի մեծ մասը յառաջացած է Օսմանեան կայսրութենէն բռնագաղթուած եւ Մեծ եղեռնը վերապրած հայերէն։