ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փաքիստանի Փենճապի, Պելուճստանի, Հայպեր-Փահթունհուայի նահանգներու մէջ յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած Է 39-ի, 135 մարդ վէրքեր ստացած է: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ Է «Արմէնփրես»-ը, յայտնած Է Geo TV հեռատեսիլի ալիքը՝ յղում կատարելով Տարերային աղէտներու հետեւանքներու վերացման ազգային վարչութեան:
Աւելի վաղ հաղորդուած Էր, որ առատ անձրեւներու եւ աւազամրրիկի պատճառով Գարաչի քաղաքի եւ անոր արուարձաններուն մէջ զոհուած Է 25 մարդ:
Վարչութեան տուեալներով՝ սաստիկ անձրեւներու հետեւանքով վնասուածքներ ստացած է շուրջ 80 տուն: Ֆէյսալապատ քաղաքի մէջ տարերքի հարուածէն անջատուած Է ելեկտրականութիւնը:
Օդերեւութաբաններու տուեալներով՝ առաւել շատ տեղումներ գրանցուած են Իսլամապատի մէջ: Քաղաքի մէջ, ինչպէս նաեւ Փենճապի նահանգի մէջ պոռթկուն քամիով ուղեկցուող անձրեւները եւ փոշեմրրիկները պիտի շարունակուին, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսդին: