Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Սբ. Զատկուայ Տօնակատարութիւնը (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի  Վահան     Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ  

Սուրբ    Զատիկը  քրիստոնէական  եկեղեցւոյ  մեծագոյն տօնն է: Ան կը  խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը:  Ան  ուրախութեան տօն  է,  որովհետեւ  այդ  օրը

Քրիստոս  յաղթեց  մարդկութեան անյաղթահարելի  թուացող ամենամեծ իրողութեան՝ մահուան:

Հետեւաբար  այս տօնին առիթով Չորեքշաբթի 17 Ապրիլ,  2019–ին,  առաւօտ  կանուխ  աշակերտները  իրենց  դաստիարակներով  ուղղուեցան  Սրբոց  Վարդանանց  եկեղեցի:  Տէր  Դանիէլ  Քհն. Մանճիկեան  աշակերտներուն  դիւրամատչելի  ոճով  փոխանցեց Սբ.  Զատկուան  պատգամը,  անդրադառնալով  Ադամի  եւ  Եւայի մեղանչման եւ դրախտէն արտաքսման,Մեծ Պահոց շրջանի, Աւագ շաբթուան  արարողութիւններու  եւ  Քրիստոսի  Հրաշափառ Յարութեան մասին: Ապա անոնք հաղորդուեցան Քրիստոսի Սբ. արեամբ  եւ  մարմնով,  որմէ  ետք  հիւրասիրուեցան  եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին կողմէ: Ապա վերադարձան դպրոց,  ուր    հիւրասիրուեցան  վարժարանիս    Ծնողաց յանձնախումբին  կողմէ,  որմէ  ետք  աշակերտները  ցնծութեամբ բարձրացան  սրահ,  ուր  հաճելի  ժամանակ  անցուցին  խաղով, երգով  ու  պարով:  Վերջապէս  հրամցուեցաւ  ճաշ  ազգային բարերարի մը կողմէ:

Զատկուայ  տօնակատարութիւնը  աւելի  մանկական  բնոյթ ունէր  մանկապարտէզի  մէջ:  Փոքրիկները  արդէն  օրեր  առաջ զբաղած էին ձեռայիններ պատրաստելով, հաւկիթներ ներկելով, բոկեղներ  շինելով:  Անոնք  կը  սպասէին  Ժանօ  նապաստակին գալստեան:  Անոնք  մասնակցեցան  զանազան    խաղերու  եւ մրցումներու:  Հոս  ալ  հրամցուեցաւ  ճաշ  ազգային  բարերարի կողմէ:  Յիշատակելի  նկարահանում  տեղի  ունեցաւ  եւ աւանդական  հաւկթախաղը:  Խրախճանքի  աւարտին փոքրիկները  տուն  վերադարձան  հաւիկէ  ու  նապաստակէ ձեռայիններով եւ տուրմէ հաւկիթներով՝ տրամադրուած Ծնողաց Յանձնախումբի կողմէ:   

Սբ.  Յարութեան տօնին նախընթաց երեկոյեան, եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյսի Սբ. պատարագ, որուն ընթացքին Սբ.  հաղորդութիւն  ստանալով  դուրս  կու  գան  պահքէն:

Հաւատացեալները  զիրար  կ’ողջունեն  «Քրիստոս  յարեաւ  ի մեռելոց»    աւետիսով  եւ  կը  ստանան  «Օրհնեալ  է  Յարութիւն Քրիստոսի» պատասխանը: Այս տօնին հաւատացեալները ձու կը ներկեն,  որ  կը  համարուի  Յարութեան  եւ  նոր  կեանքի խորհրդանիշը:

Սբ. Զատկուայ տօնին առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք ձեզ, մաղթելով ձեզի ամենայն բարիք:       

 

       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին