Ուրախ ենք յայտարարելու որ Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան արխիւներու սենեակը ամբողջովին վերանորոգուեցաւ շնորհիւ Միութեան բարեկամ Պրն. Սէմ Րագուպեանին:
Այս ձեւով կ՛ամբողջանայ Միութեան տան վերանորոգումը, որ առաջին հանգրուանով ընգրկած էր սրահը , վարչական ժողովի եւ հիւրերու ընդունելութեան սենեակները :
Այս վերանորոգուած սենեակը կարելիութիւն պիտի տայ պատշաճ ձեւով դասաւորելու 1950 էն ի վեր գործող միութեան տարբեր տեսակի արխիւը, սկսելով վարչական եւ ընդհանուր ժողովներէն հասնելով մինչեւ զանազան բնոյթի ձեռնարկները:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պրն. Սէմ Րագուպեանին այս օգտակար ծրագիրը ամբողջովին ստանձնելուն համար : Ներկայի տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ ,այս նախաձեռնութիւնը ընդհանրապէս լաւատեսութիւն կը ներշնչէ եւ խթան կը հանդիսանայ միութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ