Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Նորովի ապրի՛լ եւ արթուն պահել Ապրիլեան կտակը «Գալ տարի Վանի մէջ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այսօրուան արագընթաց կեանքը հանգիստ չունի։ Տեղեկատուական դաշտը այնքան գերյագեցած է ամենատարբեր, կարեւոր ու անկարեւոր, առաջնային թէ երկրորդական աւելորդաբանութիւններով, տեսակէտներով, կեղծապատիր (ֆէյք) լուրերով, անճշդութիւններով ու մոլորեցնող տեսանիւթերով, որ պահ մը կտրուելու համար անվերջ դիզուող լրահոսէն, կը փակես աչքերդ եւ այդպէս կը դիտես իրականութիւնը մշուշուող  կոպերուդ պաստառին վրայ։ Այո, փակենք աչքերը, որպէսզի ճշմարտութիւնը տեսնենք, զգանք, միանայ մեր Ես-ը մեզի հետ, որովհետեւ, այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը հեռացած է իր Ես-էն, վերաճելով արհեստագիտութեան պարտադրած մեքենայացած այն մարդուն, որ իր Ես-ը կը փնտռէ ուրիշներու մէջ։ Այդ «ուրիշ»-ը կը մտածէ, կարծիք կը յայտնէ, ճիշդ ու անճիշդ լուրեր կը տարածէ, մեկնաբանութիւններ կ՚ընէ եւ մենք՝ հեռացած մեր Ես-էն, կը կապկենք անծանօթ ես-ի մը ես-ը։

Արհեստագիտութեան մեծաթռիչք այս տասնամեակին թացն ու չորը կ՚այրին միասին։ Գերզարգացած այս դարուն, ատելութեան հողի վրայ կը կրկնուի ջարդ, տեղահանութիւն, սպանդ, ցեղասպանութիւն։ Մարդոց աչքին դիմաց, օր ցերեկով, Ափրիկէի թէ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ, զարգացած, այո՜, զարգացած Եւրոպայի թէ հեռաւոր Նոր Զելանտայի մէջ…

Այդ նոյն արհեստագիտութիւնը անցեալ տարուան այս օրերուն Հայաստանին բերաւ յեղափոխութիւն, «թաւշեայ, ոչ բռնի, ժողովրդական յեղափոխութիւն», ինչպէս ձեւակերպեց եւ կը սիրէ շարունակել կրկնել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Արհեստագիտութեան շնորհիւ՝ կայքէջ, ընկերային ցանցեր, հարթակներ, ամենատարբեր հեռախօսներ եւ խելախօսներ, մեծն Պարոյր Սեւակի բառերով «Մարդը ափի մէջ» է այսօր…

***

Եւ Ապրիլ է, ապրելո՛ւ Ապրիլ, վերապրելո՛ւ Ապրիլ. ա՛յդ է կտակը նահատակներուն, ա՛յդ է պատգամը մեզի հասած. Արդարութիւն, Պահանջատիրութիւն եւ Հատուցում։ Այս երեք բառերուն մէջ խտացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը իր բնաբանը այս տարի։

 

Արդարութիւն

Ի՞նչ կը նշանակէ արդարութիւն. «իւրաքանչիւրի իրաւունքը յարգող առաքելութիւն» կը գրէ բառարանը։ Բան մը, որ միլիոնուկէս անգամ պղծուած է 1915-ին եւ ներկայիս, հարիւրամեայ հեռաւորութենէ, արդարութեան հետամուտ մէկուկէս միլիոն Գործ տակաւին կը սպասեն իրենց արդար վճիռին… Ո՞ւր ենք մենք՝ հայութիւնը, եւ ի՞նչ կ՚ընենք, որպէսզի Արդարութեան նժարը արդարօրէն արդարը արդարացնէ… Դժբախտաբար, մեր կարելիութեան սահմաններէն շատ աւելի նուազ։ Ինչո՞ւ։ Ինչո՞ւ, հարցնենք մենք մեզի եւ պատասխանը փնտռենք ու գտնենք մեր մէջ, մեր Ես-ին մէջ, որ այնքան զօրաւոր նստած է մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ։ Մեր Ես-ը մեր թշնամին է, նոյնպէս եւ մեր հատուածական Մենք-ը մեր թշնամին է։  Դո՛ւրս գալ է պէտք այս մտայնութենէն։ Ա՛լ կը բաւէ մենք մեզ կիսենք, կոտորակե՛նք, վասն ինչի՞. այսօր կանք եւ վաղը չկանք։ Սիրելի պարոններ, ընկերներ, ազգային ամենատարբեր կառոյցներու գլուխներ, ուղեղներ, մարմիններ եւ անդամներ. Ապրիլեան նահատակներուն յիշատակին դիմաց լռեցէ՛ք պահ մը, հայելիին մէ՛ջ նայեցէք եւ յետոյ յանուն Արդարութեան ճառեցէք։ Ինքնասրբագրումի՛ օր է այսօր, ինքնաքննադատութեան օր է նաեւ այսօր։

 

Պահանջատիրութիւն

Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ՛ պահանջատէրը ըլլալ միլիոնուկէսին արեան գինին, պապենական մեր հողերուն, հարստութեան, ինչքին ու բարոյական վնասին։ Այսօր, առաւել քան որեւէ ժամանակ, պահանջատիրութեան կրակը պիտի շարունակենք վառ պահել սերունդէ սերունդ՝ դաստիարակելով մարդկութիւնը, լուսաբանելով ցեղասպան ոճրագործին ազգայնամոլ սերունդները։ Եւ կը յաջողինք, երբ մեր ջանքերը կը միացնենք Հայրենիք եւ Սփիւռք, Սփիւռք եւ Սփիւռք…

Երկուութիւնը մրցակցային յառաջընթաց պայմաններ կը ստեղծէ, որ խրախուսիչ է։ Սակայն, այդ երկուութիւնը, բազմակիութիւնը, բազմակարծութիւնը, այլ խօսքով՝ ժողովրդավարութիւնը պիտի՛ եւ պէ՛տք է  ծառայէ Նպատակին, որ անկասկած բոլորիս համար մեր հայրենիք Հայաստանն է, Արցախն է եւ համայն հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը։ Մինչեւ այն ատեն, երբ հայաստանեան թէ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, եկեղեցիները եւ իշխանութիւնները իրենց գոյութիւնը որպէս «Միջոց» չե՛ն ծառայեցներ Պետականութիւն եւ Հայութիւն «Նպատակ»-ին, պահանջատիրութիւնը պիտի մնայ թուղթի վրայ…

 

Հատուցում

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը «Եւրոպայի հիւանդ մարդը» չէ այսօր։ Իր բոլոր թերութիւններով, քիւրտերու, հայերու եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ անարդարութիւններով հանդերձ, շրջանային ուժ մըն է ներկայիս, որ կը պարտադրէ իր դրացի պետութիւններուն կողքին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն, հաշուի առնել իր ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Միջազգային ինչ-ինչ խաղերու զոհը դարձած հայ ժողովուրդը արթուն պահակը պիտի շարունակէ մնալ անվերջօրէն պահանջելով հատուցում։ Այդ հատուցումը պիտի գայ թրքական այսօրուան իշխանութիւններէն, ճնշումովն ու պարտադրանքովը մեծ պետութիւններուն։ Ռոմանթիքա չենք խաղար, պարզապէս պէ՛տք է հաւատալ, պիտի՛ հաւատալ, թէ այո՛, արդար հատուցումի ժամը պիտի գայ եւ մենք պատրա՛ստ պիտի գտնուինք խաղալու ճիշդ խաղը։ Վերադառնալ Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան, իրաւունքի ուժով վերատիրանալ մեր բնակարաններուն, հողերուն, գոյքին։ Երա՛զ չէ սա, այլ պարզ իրականութիւն։ Ուիլսընեան Հայաստանն ու Սեւրի դաշնագիրը մեռած չե՛ն մեզի համար, անոնք կա՛ն, որովհետեւ Մենք կանք։ Եւ Մենք ամէն տեղ ենք՝ Հայաստան, Ռուսիա, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, աշխարհի տարածքին՝ ծագէ ի ծագ։

Յարգա՜նք Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին եւ թող կեցցե՛նք Մենք, աննահանջ հաւատքով ու համոզումով կրկնելով՝ «ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՎԱՆԻ ՄԷՋ»։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին