«Եթէ՞ յարութիւն առած չըլլար …» (1 Կոր 15, 14)
Սիրելի’ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ահա հարցում մը զոր Պօղոս առաքեալը, որ յարուցեալ Քրիստոսը հռչակած ու քարոզած է առանց զայն մօտէն ճանչցած ըլլալու, կ’ուղղէ իր նորադարձ Կորնթացի հաւատացեալներուն: Կարծէք կ’ուզէ փորձի ենթարկել անոնց հաւատքը, եւ նոյնիսկ՝ գրաւի դնել ի՛ր իսկ քարոզած վարդապետութիւնը, որ հիմնաքարն է այդ նոր կրօնքին՝ որ կը դաւանի թէ Յիսուս յարութիւն առած է:
Այդ նոյն հարցումը, սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, կրնանք այսօր մենք մեզի ուղղել, հարց տալով թէ՝ եթէ Յիսուս ի՛րապէս յարութիւն առած է, ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այդ՝ մեր այսօրուայ կեանքին մէջ:
Դժուար, վտանգաւոր հարցում իրօք, եւ նոյնքան դժուար՝ անոր տրուելիք պատասխանը: Որովհետեւ կը վերաբերի նիւթի մը որ մարդկօրէն կը գերազանցէ մեր մարդկային իմացողութիւնը եւ կը մնայ անպատասխան՝ որքան ատեն որ զուտ մարդկային միջոցներու կը դիմենք մեր միտքը լուսաբանելու համար:
Եւ սակայն, Պօղոս առաքեալը չի վարանիր այդ դժուարիմաց հարցը դնել իր Կորնթացի հետեւորդներուն առջեւ, գիտնալով հանդերձ թէ՝ եթէ չկարենայ տալ համոզիչ փաստ մը՝ իր քարոզած վարդապետութիւնը հիմնովին անիմաստ ու անընդունելի պիտի դառնայ եւ իր առաքե-լութիւնը ձախողանքի պիտի մատնուի: Դեռ աւելի՝ ի՛նք եւս իր կարգին՝ խաբեբայ պիտի հռչակուի:
Պօղոս գիտակից է վտանգին, եւ սակայն պահ մը իսկ չի տատամսիր այդ գրաւը դնելու, ա՛նքան զօրաւոր է իր համոզումը՝ թէ իր դաւանածը բացարձակ ճշմարտութիւն է: Դե՛ռ յառաջ երթալով՝ կ’ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար՝ ընդունա՛յն պիտի ըլլար մեր հաւատքը, եւ մեր քարոզութիւնը՝ խաբէութիւն», հիմնուած՝ միամիտ կիներու եւ տգէտ ձկնորսներու ցնորքին վրայ:
Բայց Պօղոս ո՛չ տգէտ, ո՛չ երազկոտ մարդ էր: Զարգացած փարիսեցի, մոլեռանդ հրեայ մը, որուն պաշտօն տրուած էր մեկնիլ Դամասկոս՝ ձեռք ձգելու եւ բռնի Երուսաղէմ տանելու հոն տարածուող քրիստոնեայ աղանդի մը հետեւորդները, որպէսզի դատուին իբր խռովարար:
Դամասկոսի ճամբան, որ իր ատելավառ մաղձին յագուրդ տուող ուղեւորութիւնը պէտք է ըլլար, կը դառնայ յանկարծ կայծակնային յեղաշրջումի պահ, որ տակնուվրայ կ’ընէ իր բոլոր ծրագիրները: Այն զոր հալածելու ելած էր ճամբայ, կը զգեստնէ զինք, ո՛չ թէ պատժելու՝ այլ փրկելու համար, միաժամանակ իր յարութեան վկան ու հեթանոսներու առաքեալը դարձնելով զայն:
Փրկարար տեսիլքին լոյսին ներքեւ, Հրեայ Սաւուղը, քրիստոնեայ Պօղոս դարձած եւ արմատապէս այլափոխուած, ուրիշ բաղձանք չունի եթէ ոչ՝ հռչակել թէ այն զոր կ’ատէր ու կը հալածէր, նոյնինքն Աստուծոյ Որդի՛ն է, Հրեաներուն խոստացուած Մեսիա՛ն՝ զոր իրե՛նք իսկ սպաննեցին բայց ան՝ իր աստուածային զօրութեամբ, վերստին կեանք առաւ: Մինչ Պօղոս կը քարոզէ Յարուցեալը, կը շեշտէ ու կը պնդէ թէ ինք մեռեալի մը մասին չէ՛ որ կը վկայէ, բացարձա՛կապէս, այլ կենդանի՛ էակի մը մասին, որ երեւցած է իրեն, ցնցա՛ծ է զինք՝ գետին տապալելու աստիճան, եւ խօսա՛ծ է իրեն: Մեռեալ մը չի՛ կրնար ընել այն ինչ որ ա՛ն ըրած է:
Պօղոս, այնուհետեւ, դադար չունի մինչեւ որ ամենուրեք հռչակէ Քրիստոսի յարութիւնը. Երուսաղէմէն Միջին Արեւելք՝ անցնելով Աթէն-քէն ու Եփեսոսէն եւ հասնելով մինչեւ Սպանիա ու Հռոմ, ուր կը նահա-տակուի, Կեանքի Խօսքը հռչակելէ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ հիմնելէ ետք ամենուրեք: Դժուար թէ ոեւէ մէկը կարենայ նկարագրել այն հալածանքներն ու չարչարանքները զորս ան կը կրէ իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին, այդ ամէնը՝ Քրիստոսի սիրոյն համար: Նոյնիսկ կը պարծենա՛յ՝ որ կ’արժանանայ Քրիստոսի խաչը կրելու, համոզուած՝ թէ խաչին պիտի յաջորդէ փառաւոր յարութիւնը Քրիստոսի հետ:
Պօղոսին քարոզած Քրիստոսը տէրն է ո՛չ միայն կեանքին՝ այլ նաեւ մահուա՛ն: Այդ համոզումով զօրացած՝ մե՛նք եւս կը փառաւորենք Յարուցեալը, երբ կ’երգենք Յարութեան օրը. «Ան՝ իր մահով մահը ոտնակո՛խ ըրաւ եւ իր յարութեամբ՝ կեա՛նք պարգեւեց մեզի»: Ուստի ամէ՛ն քրիստոնեայ, իր Տիրոջ նմանութեամբ, պատգամաբերն է ու ջատագովը կեանքին, աշակերտն է Քրիստոսի որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Կեանքն ու Յարութիւնը: Ով որ ինծի հաւատայ՝ կեանք պիտի ունենայ իր մէջ»: Ուստի ո՛չ մահը ո՛չ չարը կրնան յաղթել եւ ունենալ վերջին խօսքը, այլ միայն ան՝ որ հեղինակն է ու տէ՛րը կեանքին: Ասոր համա՛ր է որ ան աշխարհ եկաւ ու մեռաւ, իր կեանքին ու յարութեան բաժնեկից ընելու մեզ:
Այս բոլորին գիտակից՝ կրնա՞նք մենք հասարակ տօնակատարութեան վերածել Քրիստոսի Յարութիւնը, իբր թէ ըլլար լոկ յիշատակութիւնը անցեալի դէպքի մը՝ ինչպէս որեւէ այլ դէպքի՝ մարդկային պատմութեան էջերէն խլուած, ուրախալի՛ դէպք, այո՛, բայց ո՛չ եղելութիւն մը որ անջնջելի դրոշմ թողած է մարդկութեան գոյութեան վրայ:
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, սուրբ Զատիկը մարդկութեան գոյութենէն ի վեր ամէնէն կարեւոր, ճակատագրական դէպքն է: Առաջին մարդը, Ադամ, արհամարհեց ու ոտնակոխ ըրաւ Արարչին պարգեւը, անմահութիւնը: Սակայն ի՛ր իսկ կամքով՝ Քրիստոս երկրորդ Ադամ դարձաւ եւ վերադարձուց մեզի անմահական կեանքը: Սակայն ատոր փոխարէն՝ վճարեց ամենասուղ գինը, իր արեան հեղո՛ւմը, բայց կրկին կեանք առաւ՝ մեզ ալ վերակենդանացնելու համար: Ի՛նչ խորհուրդ, եւ ի՛նչ անիմանալի սիրոյ նշան Արարչին կողմէ:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Զատիկ կամ Յարութիւն կը տօնենք այսօր: Եւ գիտենք թէ «յարութիւն առնել» կամ «յառնել»՝ կը նշանակէ ոտքի ելլել, կանգնիլ, դե՛ռ աւելին՝ վերակենդանանալ, նոր կեանք զգենուլ …: Եթէ Զատիկը մեզի համար առիթ չըլլայ վերակենդանանալու, անիմաստ է տօնել Քրիստոսի յարութիւնը, որովհետեւ թոյլ տուած կ’ըլլանք որ խուսափի մեր ձեռքէն առիթը՝ երկրորդ կեանք մը ստանալու եւ աւելի եւս մերձենալու Աստուծոյ եւ մեր մերձաւորին:
Այսօր, պատեհ առիթն է մեր աղօթքը բարձրացնելու՝ հայցելու համար որ դադրին արհաւիրքները որոնց ներքեւ կը ճնշուի այսօր մարդկու-թիւնը: Յիշենք յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրները, ուր պատերազ-մը, անօթութիւնը, հիւանդութիւններն ու այլ աղէտները չեն դադրիր անխնայ զոհեր խլելէ, անմեղներ որ ուրիշ բան չեն բաղձար եթէ ոչ՝ խաղաղութեամբ ապրիլ:
Յիշենք ի մասնաւորի, մեր այս հիւրընկալ երկիրը, Լիբանանը, վերջին պատուարը քրիստոնեայ ժողովուրդներուն այս խռովայոյզ երկրամա-սին մէջ, որոնք կը պայքարին որ չխլուին իրենց արմատներէն այս ասպնջական հողերուն վրայ եւ չստիպուին պանդխտանալ կրկին ու կրկին:
Յիշենք մեր սիրելի, թանկագին մայր Հայրենիքը՝ Հայաստան եւ անկախութեան ու ազատութեան ի խնդիր պայքարող Արցախը, աղօ-թելով որ իմաստութիւնն ու ազգին անվերապահ սէրը ներշնչեն եւ ուղղեն անոնց ղեկավարները, խաղաղութեան ու բարօրութեան պայ-մաններ ընծայելով մեր բոլոր ազգակիցներուն:
Յիշենք մեր Հովուապետերն ու Հովիւները, որոնք ստանձնած են հոգեւոր հոգածութիւնը իրենց յանձնուած հօտերուն: Ականատես ենք կամ ունկնդիր այն հալածանքներուն որոնց կ’ենթարկուին քրիստոնեաները Եկեղեցւոյ թշնամիներուն կողմէ, որոնք, պատռուակելով Եկեղեցւոյ մի քանի անարժան սպասաւորներու շեղումները, կը փորձեն կոր-ծանել Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին: Հայցենք Տիրոջմէ որ լուսաւորէ զանոնք եւ ուղղէ անոնց քայլերը դէպի բարին ու արդարութիւնը:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հեշտ չէ քրիստոնեայ ըլլալ եւ իբր Քրիստոսի աշակերտ ապրիլ, այսօր՝ ինչպէս երէկ: Ան բացայայտօրէն ըսած է. «Ձեզմէ շատեր պիտի գայթակղին իմ պատճառովս … Ինչպէս գրուած է՝ Պիտի հալածեն ձեզ՝ ինչպէս հալածեցին զիս: Մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»:
Ուստի մենք, ապաւինելով յարուցեալ Քրիստոսին, աներկիւղ կ’ընթանանք այն ուղիէն զոր Ան ցոյց տուած է մեզի: Եւ անոնց որ հարց կու տան թէ «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար», ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր ճակատագիրը. կը պատասխանենք Սուրբ Պօղոսին հետ թէ մեր հաւատքը պիտի չխախտի ո՛րեւէ խոչնդոտի դիմաց, եւ թէ՝ «Ո՛չ մահը ո՛չ կեանքը, ո՛չ զօրութիւններն ու իշխանութիւնները եւ ոչ ալ ո՛եւէ արարած պիտի կարենայ բաժնել մեզ Աստուծոյ սէրէն որ տրուած է մեզի Տէր Յիսուս Քրիստոսով»:
Որովհետեւ, սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, մենք համոզուած ենք թէ յարուցեալ Քրիստոսը, յաղթելով մահուան ու չարին, մե՛զ եւս բաժնեկից դարձուց իր յարութեան ու արժանացուց իր յաւիտենական փառքին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
21 Ապրիլ 2019
X Գրիգոր Պետրոս Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց