Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Առաջիկայ Մեռելոցը Աշխատանքային Օր Դարձնելը Ետքայլ է. Մայր Աթոռ

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տարակուսանքով տեղեկացանք առաջիկայ Մեռելոցը աշխատանքային օր նկատելու որոշման մասին։ Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

«Մեռելոցները կարեւոր են յարգանքի տուրք մատուցելու մեր ննջեցեալներուն, նաեւ անհրաժեշտ են իբրեւ մշակոյթ, որմով դարերով ապրած է մեր ժողովուրդը։ Հայոց Եկեղեցին ունի տաղաւար տօներուն յաջորդող հինգ Մեռելոց օր, որոնցմէ երեքը՝ Սուրբ Ծնունդինը, Զատկինը եւ Խաչվերացինը, ՀՀ կառավարութեան կողմէ անցեալին յայտարարուած էին ոչ աշխատանքային օր»,- նշած է ան:

«Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ մեռելոցները իբրեւ այդպիսին որքան ալ որ ննջեցեալներուն, բայց նախ եւ առաջ ապրողներուն համար են, այս պարագային ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մեծամասնութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ է։ Ուստի, անհասկնալի է այս ետքայլը։ Յուսանք, որ ՀՀ իշխանութիւնները պիտի անդրադառնան այս հարցին կարեւորութեան»,- ընդգծած է քահանան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին