ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ժընեւի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հրապարակած տուեալները կը վկայեն աշխարհի մէջ կարմրուկով հիւանդանալու կտրուկ աճի մասին: 2019 թուականի Յունուար – Մարտ արձանագրուած Է այս հիւանդութեան 112 հազարէ աւելի դէպք՝ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի աւելի քան 28 հազար դէպքի համեմատութեամբ, այսինքն՝ խօսքը կը վերաբերի գործնականօրէն քառապատիկ աճին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը:
Ինչպէս նշած են ԱՀԿ-ի մէջ, այս թիւերը «պաշտօնական» չեն, այլ սոսկ՝ գնահատիչ, նախնական: Փորձագէտները կը կարծեն, որ կարմրուկի դէպքերու ճշգրիտ թիւը Էապէս մեծ Է: «Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ դէպքերու թիւը, որոնց մասին հաղորդումներ կան, 2019 թուականի առաջին երեք ամսուն 300 տոկոսով աճած Է 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատութեամբ»,- կը նշԷ կազմակերպութիւնը: ԱՀԿ-ի մէջ յիշեցուցած են, որ կարմրուկով հիւանդանալու աճը կը դիտուի արդէն երրորդ տարին անընդմէջ: «Այս պահուն 170 երկիրներ ԱՀԿ-ին հաղորդած են կարմրուկի 112 163 դէպքի մասին: Անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին տեղեկացուցած են կարմրուկի 28 124 դէպքի մասին»,- արձանագրած է ԱՀԿ-ը:
Կարմրուկի բռնկումներ արձանագրուած են շարք մը պետութիւններու մէջ, ներառեալ Վրաստան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Ուքրանիա, Քոնկօ, Եթովպիա, Մատակասքար, Միանմա, Ֆիլիփիններ եւ Սուտան: Այդ բռնկումները կը բնորոշուին բարձր մահացութեամբ, գլխաւորաբար մանկահասակ երեխաներու շարքին: Վերջին ամիսներուն հիւանդաութեան աճ նկատուած է պատուաստման բարձր մակարդակով երկրներու մէջ, մասնաւորապէս, ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի, Թայլանտի եւ Թունիսի մէջ. այնտեղ հիւանդութիւնը կը տարածուի ախտազերծութիւն չանցած մարդոց շրջանակէն ներս:
Եթէ մէկ տարուան ընթացքին աշխարհի մէջ հիւանդութիւնը միջին հաշուով աճած Է 300 տոկոսով, ապա Ափրիկէի մէջ 700 տոկոսով: Ամբողջութեամբ վերցուած իրադրութիւնը տարբեր տարածաշրջաններու մէջ միանման չէ: Եւրոպայի մէջ հիւանդութեան աճը կազմած Է 300 տոկոս, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ՝ 60 տոկոս, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ՝ 100 տոկոս, Հարաւարեւելեան Ասիայի եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի մէջ՝ 40 տոկոս, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը: