ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսացի յայտնի ճարտարապետ Ժան-Միշէլ Ուիլմոդ հրդեհէն տուժած Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման արժէքը գնահատած Է մօտաւորապէս մէկ միլիառ եւրօ, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը:
Ուիլմոդի խօսքով՝ գոյութիւն ունի կամարի վերականգնման, աշտարակի սրաձողի վերակառուցման եւ տաճարի ներքին յարդարանքի նորոգման որոշուած գին: «Այո’, մօտաւորապէս այդքան»,- պատասխանած Է Ուիլմոդը վերականգնման մէկ միլիառ եւրօ արժէքի վերաբերեալ France Inter ձայնասփիւռի հաղորդավարի հարցին: Անոր հետ մէկտեղ ճարտարապետը նշած Է, որ եթէ բոլոր խոստացուած նուիրատւութիւնները իրապէս կատարուին տաճարի վերականգնման հիմնադրամին, ապա անոնք կը կարենան ծածկել վերակառուցման ծախսերը: Le Parisien թերթը Ապրիլ 17-ին յայտնած Է, որ հրդեհէն տուժած Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման համար խոստացուած նուիրատւութիւններու գումարը հասած Է 1 միլիառ եւրոյի: Միջոցները կը ստացուին առաւելապէս խոշոր ընկերութիւններէն եւ գործարարներէն, ինչպէս նաեւ չորս հասարակական հիմնադրամներէն, զորս ընտրած Է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւնը: Գերատեսչութեան ղեկավար Ֆրանգ Ռիեսդերը Ապրիլ 17-ին Twitter-ի իր Էջի մէջ նաեւ յայտարարած Է համացանցի-հարթակի գործարկման մասին, որուն միջոցով կարելի Է նուիրատւութիւններ ընել տաճարի վերականգնման համար:
Փարիզի Աստուածամօր տաճարի մէջ խոշոր հրդեհ սկսած Էր Ապրիլ 15-ի երեկոյեան: Անոր հետեւանքով փլած Է աշտարակի սրաձողը, լուրջ վնասներ ստացած է կրող կառուցատարրը: Հրդեհը յաջողած են մարել միայն Ապրիլ 16-ի առաւօտեան դէմ: Աստուածամօր տաճարի կառուցուածքը եւ արուեստի գլխաւոր ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ տաճարի մէջ պահուող մասունքները, փրկուած են: Ֆրանսական զանգուածային լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ արտակարգ պատահարը կրնայ կապուած ըլլալ վերականգնողական աշխատանքներու հետ:
Դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է բռնկման հետեւանքով ոչ դիտաւորեալ վնաս հասցնելու առնչութեամբ: Ինչպէս յայտարարած Է հանրապետութեան դատախազը, տաճարի մէջ հրդեհը կանխամտածուած չէ եղած, առաջին վարկածը բռնկման պատահական բնոյթն Է, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսդին: