ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շարք մը հանրային կառոյցներ, Չորեքշաբթի, դիմած են բողոքի, երբ հարիւրաւոր պետական աշխատողներ հաւաքուած են Պէյրութի Կեդրոն՝ բողոքելով աշխատավարձերու հաւանական կրճատման դէմ:
The Daily Star-ի մեկնաբանութեամբ՝ Լիբանանի աշխատողներու Լիկան Պէյրութի Ռիատ էլ Սոլհ հրապարակին վրայ կազմակերպած էր բողոքի ցոյց մը, որ կը զուգադիպէր Խորհրդարանի մէջ ընթացող նիստին: Ցուցարարներուն մեծ մասը պետական դպրոցներու ուսուցիչներ էին:
Լիկայի ղեկավար Պշարա Ասմար՝ հեռատեսիլի կայանի մը ըսած է, թէ այս փուլին իրենք միասնական պիտի ըլլան՝ պաշտպանելու համար իրենց իրաւունքները։
Գործադուլին բացայայտ կերպով միացած են նաեւ Ազգային լրատուական գործակալութիւնն ու Լիբանանի Ձայնասփիւռի կայանը:
Աքքարի հանրային դպրոցներն ու շարք մը այլ պետական կառոյցներ նոյնպէս եղած են գործադուլ ընողներու կողքին, մինչ Աքքարի Հալպա Սիրէյլի աշխատակիցները՝ աշխատանքի երթալով մէկտեղ չեն աշխատած: Նոյնը ըրած են նաեւ Քուրայի մէջ Ամիուն Սիրէյլի աշխատակիցները, իսկ Նապաթիյէի մէջ, քաղաքապետարանի աշխատողները եւ պետական ու ոչ պետական դպրոցներու ուսուցիչները գործադուլ յայտարարած են։
Նշենք, որ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ եթէ աշխատավարձերը չնուազեցնեն ո՛չ աշխատավարձ կ՝ունենան, ոչ ալ տնտեսութիւն։ Ան նաեւ նշած է, թէ անհրաժեշտ պարագային պիտի կրճատուին նաեւ նախարարներու եւ երեսփոխաններու աշխատավարձերը։
Պասիլի մեկնաբանութիւնները պատճառ դարձած էին, որ թոշակ ստացող զինուորականներն ու քաղաքացիական ծառայողները, Երեքշաբթի բողոքի ցոյցեր կազմակերպեն՝ փակելով երկրի շարք մը ճանապարհներ։
Պասիլ, Չորեքշաբթի, լրագրողներու հետ զրոյցի մը պահուն պարզաբանած է, թէ տեղական լրատուամիջոցները սխալ մեկնաբանած են անցեալ շաբթուան իր ըսածը:
Իր հերթին, ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ՝ լրագրողներուն հաւաստիացուցած է, որ պիւտճէի նախագիծը պետական հատուածի աշխատողներուն համար աշխատավարձերու նուազում չ՝ենթադրեր: